Դահուկարշաւ. Լիբանանի Ախոյեանութեան Վերջին Հանգրուանի Մրցումը Աւարտեցաւ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Մըզարի շրջանին մէջ (Քֆարզըպիան) տեղի ունեցաւ Լիբանանի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումը (երկար դահուկարշաւ):
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 74 երկսեռ մասնակցողներ` Շուէտէն, Պելճիքայէն, Սլովենիայէն, Կիպրոսէն, Ալճերիայէն եւ Լիբանանէն:
Անոր տիրապետող եղան լիբանանցի դահուկորդները, բացի մեծ տղոց դասակարգի մրցումէն, որուն տիրապետեցին Սլովենիոյ եւ Շուէտի ներկայացուցիչները:
Վերջին հանգրուանի մրցումներուն հսկեցին Էտմոն Քէյրուզ, Նեսիմ Խալիլ, Նշան Համամճեան, Միշել Շաքեր, Փաթրիք Մըհպաթ, Սագօ Դարբինեան, Անտրէ Պըհլոք, Ռոնի Ղըպրի եւ Սարգիս Ապպուտ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն, ձեռամբ` Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Իսամ Մուպարաքի, ընդհանուր քարտուղար Էտմոն Քէյրուզի եւ Ճոնի Քէյրուզի: Ներկայ եղան նաեւ մեծաթիւ հանդիսատեսներ:

