Գեղասահք. Սլաւիկ Հայրապետեան Հայաստանը Պիտի Ներկայացնէ Աշխարհի Ախոյեանութեան
Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ 25 մարտէն 2 ապրիլ Նիսի մէջ (Ֆրանսա) տեղի ունենալիք մեծերու գեղասահքի աշխարհի ախոյեանութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Սլաւիկ Հայրապետեան (15 տարեկան):
Հայաստանի ֆետերասիոնի նախագահ Սամուէլ Խաչատրեան ըսաւ, որ Հայաստանի ներկայացուցիչին անունը ճշդելու համար 19 մարտին Ռիկայի մէջ տեղի ունեցաւ փորձ-մրցում մը, որուն մասնակցեցան Սլաւիկ եւ Սարգիս Հայրապետեան եղբայրները, ինչպէս նաեւ լաթվիացի երկու գեղասահորդներ: Սլաւիկ Հայրապետեան ոչ միայն գերազանցեց այդ երկու օտարները, այլ նաեւ իր մեծ եղբօրը (19 տարեկան) եւ իրաւունք ստացաւ մասնակցելու այս ախոյեանութեան:
Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը Սլաւիկ Հայրապետեանի համար 5-րդ մրցաշարքն է: Ան իր ներկայացումին պիտի սկսի զտումի մրցումներէն` առաջին ելոյթը ունենալով 27 մարտին:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 72 երկիրներու 90 մենասահորդներ:
Աւելցնենք, որ Նիս մեկնող պատուիրակութեան նախագահն է Հայաստանի գեղասահքի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Արարատ Զաքարեան, իսկ մարզիչը` Սլաւիկի հայրը` Սամուէլ, որ Հայաստանի ազգային հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է: