50 Տարի Առաջ ( 23 մարտ 1962 )
Պատիւս Արժանաւորաց
Յարգանքի Երեկոյ Նուիրուած
Եդուարդ Տարօնեանի «Համասփիւռ»-ին
Սուրբ Նշան ազգային վարժարանի Շրջանաւարտից միութեան կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի թեմի առանջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի տեղի ունեցաւ «Համասփիւռ» հատորին նուիրուած երեկոն` որպէս յարգանքի արտայայտութիւն անոր արժանաւոր հեղինակին, արժէքաւոր գրագէտ եւ մանկավարժ Եդուարդ Տարօնեանի, կիրակի, 18 մարտ 1962-ին Ուէսթ Հոլի մէջ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, ընտրեալ հասարակութեան մը ներկայութեան:
Արդարեւ Եդուարդ Տարօնեանի «Համասփիւռ» հատորը, որ սքանչելի փունջ մըն է նորավէպերու եւ պատմուածքներու գրուած իրաւ գրագէտի մը կողմէ, որ խիստ ժլատ է եղած իբրեւ գրող իր գործերու քանակը եթէ նկատի ունենանք, սակայն այն քիչը որ մեզի տրուած է մասնաւորաբար «Համասփիւռով» հայ գեղարուեստական գրականութեան գանձարանին մատուցուած մնայուն արժէք ներկայացնող գոհարներ են: Սուբր Նշանի Շրջանաւարտից միութիւնը իր սոյն ձեռնարկով առիթը ընծայեց հասարակութեան լայն խաւերուն, ծանօթանալու այդ գրական գոհարներու չորս հատին, նախաճաշակ մը տալով գրասէրներուն այն գիրքի մասին, որ կը կոչուի «Համասփիւռ» եւ որուն ընթերցումը անգնահատելի վայելք մը պիտի պատճառէ անկասկած գեղարուեստական գրականութիւնը սիրողներուն:
Երեկոյթը սկսաւ Ս. Նշանի այժմու տնօրէն Յ. Իսկէնտէրեանի կողմէ ակնայայտ յուզումով մը արտասանուած բացման խօսքով, որուն մէջ կը յայտնէր, թէ կը գտնուի տխուր հարկադրանքին տակ փոխարինելու Եդուարդ Տարօնեանը եւ արձագանգը հանդիսանալու անոր խօսքին որ այս երեկոյթի առիթով ուղղուած է ներկայ հանդիսականներուն «որովհետեւ գամուած ըլլալով անկողին եւ տեսողութենէ ալ զրկուած գրագէտը ի վիճակի չէր անձնապէս ներկայ ըլլալու սոյն երեկոյթին: Ապա վարակիչ յուզումով մը կատարեց ընթերցումը Տարօնեանի «Հուսկ Բանքին», զորս հանդիսականները ունկնդրեցին անդրշիրիմեան պատգամ մը ունկնդրողի երկիւղածութեամբ:
Աչքի լոյսէ զրկուած սակայն հոգիի լոյսով ճառագայթող գրագէտին չափազանց համեստ արտայայտութեամբ տուած սոյն պատգամը առանձին պիտի տանք ամբողջութեամբ:
Վաստակաւոր դերասան Ե. Չափրաստի բեմադրութեամբ ներկայացուեցան թատրերգութեան վերածուած, «Խաքին գին չունի» «Տէր Փոթորիկ» «Օրօրոցի Նշանածները» սոյն ներկայացումներուն մէջ դերեր վերցուցած էին Յ. Յակոբեան, Թ. Այնեճեան, Մ. Մելիտոսեան, Յ. Վարժապետեան, Բ. Ապատեան, Գ. Սրապեան, Մ. Յակոբեան, Ա. Վարժապետեան, Ա. Պարսումեան եւ Բ. Վարդանեան: Մասնաւորաբար տպաւորիչ էր Բ. Այնեճեանի անձնաւորած Տէր Փոթորիկը:
Զեկուցող Շաքէ Թոքաթլեան ձեռնհասօրէն կատարեց երեք ներկայացումներուն ալ ներածականը, հանդիսականները «Համասփիւռ»-էն կատարուած ընթերցումներով առաջնորդելով այն մթնոլորտին մէջ ու այն կէտին` ուրկէ կը սկսի կենդանի պատկերացումը թատերգութեան վերածուած նորավէպին:
«Քամոյի Լիճ»ը Տարօնեանի համանուն պատմուածքէն առնուած պալէն պարեցին Անի Սիմոնեան եւ Գառնիկ Քէօրօղլուեան Ա. Թելեանի դաշնակահարութեամբ:
Շնորհաւորելի է Ս. Նշանի Շրջանաւարտից միութիւնը սոյն գնահատելի ձեռնարկին համար:
Կ. Խ.

