Անխուսափելի Ճակատամարտի Մը Սեմին (Լիբանանահայ Վարժարաններ) (Հայերէնով Դասաւանդուած Պահեր)Բ. ԲԱԺԻՆ

ՏՕՆԻԿ Տ.

Օտարութեան մէջ ապրելու ճակատագիրը հալածած է հայ ժողովուրդը, դժբախտ ճակատագիրին յաղթելու համար կրթական հաստատութիւններու գոյութիւնը տարագիր ժողովուրդին նոր կեանքը ձեւաւորելու առաջնահերթ պայման եղած է: Պատահական չէ, որ թշուառ պայմաննեու մէջ ապրող գաղթականութեան խմբաւորումներու առաջին գործը եղած է հայկական վարժարանի մը հիմնումը, եւ այդ կրթական հաստատութիւններու ճամբով հայոց լեզուին յատուկ ուշադրութիւն տալու ձեռնարկութիւնը:

Ուղղակիօրէն անցնելով նիւթին` նշեմ, թէ հայկական վարժարաններու գոյութեան պատճառը, գործունէութեան էութիւնը, իւրայատկութիւնը կը կայանայ հայերէնով եւ գրականութեան ուսուցման մէջ, որուն յաջորդող կամ բաղկացուցիչ մասնիկները կ՛ըլլան հայեցի դաստիարակութիւնը, հայկական ոգիով ու շունչով զինելու-զինուելու հնարաւոութիւնները, այլապէս ան կը կորսնցնէ իր իմաստը եւ կը վերածուի սովորական վարժարանի մը. Այս իմաստով, հայերէն դասապահերու քանակական պատկերը իր կարեւոր տեղը պիտի ունենայ հայոց լեզուի-գրականութեան առաքեալ` հայ ուսուցիչին դերակատարութեան համար. Հոս արդար է նշել հայերէնի ուսուցիչներէն մէկուն խօսքը, որ ցաւով կը յայտնէր, թէ` «այս պայմաններուն մէջ հայ ուսուցիչը ստիպուած է թուաբանական հաշիւներ ընելու` ամբողջացնելու համար իր ծրագիրը թէկուզ 3-4 պահերու մէջ… Դարձեալ հայ ուսուցիչն է, որ քանակը պէտք է զոհէ որակին եւ հրաշքներ գործէ իր դասապահին, որպէսզի հայ դպրոցին դերն ու առաքելութիւնը իր թիրախին հասնի եւ հայակերտումի ամէն ջանք յաջողութեամբ պսակուի…»:

Այսօր հայկական վարժարանները կը գտնուին աննախանձելի վիճակի մը մէջ, հայերէնով դասաւանդուած պահերու քանակը եւ լիբանանահայ վաժարաններու միջեւ գտնուող տարբերութիւնները (քանակի իմաստով) տխուր պատկեր մը կը պարզեն:

Սակայն հարցումը ինքզինք կը պարտադրէ. արդեօք շաբաթական դասաւանդուած քանի մը հայերէն պահերով կարելի պիտի ըլլա՞յ հայերէն քերականութեան-գրականութեան եւ հայոց պատմութեան գիտելիքներու կողքին, հայակերտումի եւ հայկական արժէքներու փոխանցման գործ տանիլ: Արդեօք հայկական վարժարաններուն մէջ կա՞ն արտադասարանային աշխատանքներ, ատենամարզանքի պահեր, հրատարակչական կամ մշակութային ձեռնարկներ, որոնք ձեւով մը պիտի գոցեն այն ճեղքը եւ ծառայեն հայկական վարժարանի գոյութեան իսկական նպատակներուն: Այլ ազդակներ ալ կա՞ն արդեօք, որոնք խոչընդոտ կը հանդիսանան նշեալ գործին: Հոս հարկ է նշել հայերէնի ուսուցիչին մտահոգութիւններէն քանի մը հատը. կը մէջբերեմ` «համաշխարհայնացումը իր բացասական ազդեցութիւնը կը ձգէ աշակերտին վրայ… մտահոգիչ է հայերէն գիրքը-դասանիւթը հետաքրքրական չնկատուելու պարագան… տուներուն մէջ պէտք եղած գրական մթնոլորտը չկայ, հայերէն գիրք, օրաթերթ, ամսաթերթ կարդալու սովորութիւն չկայ, փաստօրէն սխալը կու գայ մասամբ ծնողներէն …»

Վերջապէս, ստորեւ կը նեկայացուին լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ հայերէնով դասաւանդուած պահերու թիւը` իբրեւ օրինակ առնելով երկրորդական կարգերու պարագան, սակայն առանց մեկնաբանութիւններ, արժեւորումներ կամ յատուկ առաջարկներ ներկայացնելու (ինչպէս նշած էի նախապէս), որովհետեւ պատկերը ինքնին յստակ է ու խօսուն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES