Դարակէն Հանել Ընկերվարութիւնը
Հ. Փ.
Ճիշդ է, որ երկու կռիւներ միաժամանակ տանիլը կը դժուարացնէ երկուքն ալ: Կռուիլ ազգին համար` կը պահանջէ կազմել կարելի եղածին չափ մեծ բանակ, ուրեմն անոր մէջ ներկայութիւն` բոլոր ընկերային խաւերէն: Իսկ կռուիլ իբրեւ ընկերվարական` կը նշանակէ դրամատիրական շահագործումի բոլոր պատասխանատուներուն օձիքէն բռնել եւ պահանջել վերջ տալ ցեցային բնաւորութեան: Եթէ հայը գործնապէս նետուի ընկերվարական պայքարի մէջ, իր կողմէ առաջին օձիքէ բռնուողները բնականաբար պիտի ըլլան իր անմիջական շրջանակէն, այլ խօսքով` հայեր: Ահա պարզ է արդէն, թէ ինչպէ՛ս զիրար կրնան չէզոքացնել երկու կռիւները:
Այո՛, կարելի չէ երկու պատրոյգները վառել միաժամանակ:
Կը մնայ ճշդել առաջնահերթութիւնը: Ընդհանրապէս առաջնահերթութիւնը տրուած է ազգայինին: Տողերը գրողս ալ պիտի համաձայնի, որ երբ խօսքը գործնական պայքարի մասին է, ազգայինը աւելի անմիջական է: Յօդուածին նպատակը այս մէկը հիմնաւորելը չէ, այդ իսկ պատճառով միայն մէկ փաստարկ կը ներկայացուի. մեծ մասամբ հայրենի հողէ դուրս, տնտեսապէս եւ քաղաքականօրէն թերի հայրենիքով, փոքրաթիւ ազգ մը կը դիմակայէ ոչնչացման վտանգ: Թուլութեան եւ անհոգութեան պատճառով ազգին նսեմացումը կամ վերացումը պիտի ըլլայ անդառնալի՛ կորուստ: Միւս կողմէ, սակայն, ընկերվարական պայքարի մէջ մտնողներու թիւը, ի՛նչ ալ ըլլայ, մեր ազգի զինուորագրեալներուն թիւէն աւելի է: Ուրեմն այնտեղ ժամանակի դէմ պայքարը նոյնքան սուր չէ: Աւելի՛ն. հաւանաբար դրամատիրութեան պատճառով ճնշուածները կը շատնան, եւ ուրեմն կազմուելիք ճնշուածներու բանակին թեկնածուները շատնալու ընթացքի մէջ են, այլ ոչ` հակառակը:
Այո, այս բոլորը հասկնալի են:
Սակայն ասոնք չեն նշանակեր ընկերվարութեան մոռացում: Չեն նշանակեր ընկերվարութենէ հեռացում: Եւ մանաւա՛նդ չեն նշանակեր ընկերվարութեան դաւաճանութիւն, դրամատիրականացում:
Սխալ է ընկերվարութիւնը նետել դարակի մը մէջ ու յանձնել զայն փոշիին:
Գրասեղանին, դասասեղանին, ժողովասեղանին վրայ պէտք է պահել զայն միշտ: Այո՛, թէկուզ սեղանին ծայրը, անկիւնը թերեւս, մինչ «ազգ»-ին էջերը լայն բացուած ըլլան նստողին դիմաց… բայց երբեք` սեղանէն դուրս, սեղանէն վար, հեռու տեղ մը, դարակի մը մէջ:
Շատեր սեղանին նստած` ամբողջովին կ՛անտեսեն ընկերվարութեան թղթածրարը. «Մոռցիր բարեկամս…», «Սո՛ւտ է սո՛ւտ, օտարները սիրաշահելու համար է…», «Չհասկնաս ալ կ՛ըլլայ, ընկերս…»: (Ա՛լ չխօսինք սեղանէն հեռու եղողներուն, կամ աւելի գէշը` սեղանին վրա՛յ ելլելու մարմաջով անոր մօտեցածներուն մասին…):
Յօդուածը կը միտի ներկայացնել ընկերվարութենէն չհեռանալու երեք պատճառներ:
Առաջինը, եւ որ սկզբունքով պէտք է ամէնէն ակնյայտը ըլլայ, Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնն է: Ազգը, որ վերջապէս ունի անկախ պետականութիւն, պէտք է մտածէ անոր պահպանման, զարգացման մասին: Իսկ պետութեան մը զարգացման համար կարեւորագոյն տուեալներէն է իր տնտեսութիւնը, եւ ուրեմն` ներքին տնտեսական համակարգը: Այսօր պարզ է, որ մեր հանրապետութեան մէջ տիրող համակարգը ազատական-դրամատիրականն է: Արդիւնքը նոյնպէս պարզ է: Մենաշնորհներ ունին երկրին իշխող խաւին բաղկացուցիչները, քանի մը ընտանիք, քանի մը կուսակցութեան (որոնց աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ շահակցական միութիւն անուանել) ղեկավարներ: Սակաւապետութիւն մըն է, որ իր ձեռքը կ՛առնէ երկրին բոլոր շահի աղբիւրները եւ կը ծառայեցնէ իրեն միայն, իր ուզածին պէս միայն: Անյոյս աղքատութեան պատճառով գիւղացին կ՛ընդունի ստորագրել «Համըր» տիպի ինքնաշարժէն իջած առեւտրականին համաձայնագիրը, թէկուզ` շատ ցած գինով ծախելու համար իր հողը անոր: Քանի մը շաբաթ ետք քրտինք կը թափէ այն հողին վրայ, որ առին ձեռքէն, եւ որուն բերքը իրը չէ այլեւս: Ու կը շահագործուի իր աշխատանքը: Իր ցանածը միւսը կը քաղէ` փոխան չնչին ձեռավարձի: Քանի մը շաբաթ եւս, եւ ալ յուսահատ, Սոչի կամ Մոսկուա որեւէ գործ ընող իր զաւակը կու գայ, կ՛առնէ զինք, կինը, զաւակները, ու կը հեռանան: Հողը կը մնայ հոն:
Հողը, երկիրը կը պարպուի այլեւս:
Այդ սանձարձակ դրամատիրութեան պատճառով հողէն զրկուող պապուկին վիշտը, կանաչութենէ զրկուող Երեւանին ցաւը, հայկական մշակոյթի հաշուոյն արեւմտեան շահաբեր, բայց սին «աստղ»-երու մշակոյթի տարածումը եթէ չեն մտահոգեր, ապա հայրենի հողի դատարկումը, թշնամիին դիմաց պետականութեան հետզհետէ խոցելի դառնալը գոնէ մտածել կու տան կարծեմ տակաւին: Պարզապէս թերեւս չենք անդրադառնար, որ տնտեսական-ընկերային է այդ խնդրին լուծումը: Սանձել պէտք է եսապաշտ եւ այնքան լափած սակայն տակաւին անօթի դրամատիրութիւնը: Եւ իսկական ընկերվարութեան մը հաստատումն է, որ պիտի ընէ ատիկա: Ընկերվարական կարգ մը սկզբունքներու շարքին Ծրագիրը կը նշէ. «(…) Շահագործումի առաջքը առնելու ձգտումով, հարստութեանց կեդրոնացումի եւ մենաշնորհներու առաջացման բացառում (…)». բան մը, որուն հակառակ պատկերը ստեղծած է մերօրեայ Հայաստանի դրամատիրական համակարգը: Նմանապէս` «Ճարտարարուեստը եւ երկրագործութիւնը կը կազմակերպուին աշխատաւոր ընդհանրութեան բաժնեկցութեամբ…», բան մը, որուն գործադրութեան պարագային, պիտի չարտօնուէր գիւղացիին աշխատանքի շահագործումը…
Այսպէս, ուրեմն, առաջին հերթին մեր պետականութեան գոյութիւնը, հետզհետէ մտահոգիչ վիճակը եւ անկէ մեկնող դրամատիրական համակարգը փոխելու հրամայականն են, որոնք պէտք է արգիլեն ընկերվարութիւնը մեր մտքերէն դուրս նետելը:
Երկրորդ` պէտք է գիտակցիլ մեզի համար համաշխարհայի՛ն ընկերվարութեան յաղթանակի կարեւորութեան: Այսինքն մեր երկրէն, մեր գաղութներէն եւ մեր շրջանակներէն դուրս նաեւ ընկերվարութեան հզօրացումն ու հաստատումը պէտք է յուսալ, եւ եթէ որեւէ ձեւով կարելի ըլլայ մեր չնչին օժանդակութիւնը բերել անոր: Ինչու՞: Անկախ որպէս մարդ այլ ժողովուրդներու բարօրութիւնը տենչալէն, պէտք է գիտակցիլ, որ մե՛ր շահը նաեւ այդ կը պահանջէ ի վերջոյ: Պէտք է գիտակցիլ, որ այնպէս ինչպէս ներազգային դրամատիրութիւնը, նոյնպէս ալ համաշխարհայինը կը վնասէ մեզի: Ինչպէ՞ս:
Տնտեսութիւնը համաշխարհայնացած է այլեւս: Այսինքն դրամատիրական մեծ ուժերը իրենց անհագութեան դարման սկսած են փնտռել իրենց երկրի սահմաններէն դուրս նաեւ` օգտուելով արդի հաղորդակցական միջոցներէն: Ուրեմն այն մեծ դրամատէրը, որ իր դրամով գնած է իր երկրին իշխանութիւնը, երբեք չի տատամսիր իր պետութիւնը քաղաքականօրէն օգտագործելու եւ ճնշում բանեցնելու որեւէ այլ երկրի վրայ, ինչ-ինչ առեւտրական հաշիւներով: Այն պարագային, երբ նաեւ քարոզչական արտադրութիւնները իր ձեռքին տակ են, ապա քարոզչութեամբ իր փափաքած ուղղուածութիւնը պիտի տայ հանրային կարծիքին, որ պիտի չընդդիմանայ կատարուելիք քաղաքական որոշումին: Իսկ ախորժակները այնքան մեծ են, որ կանգ չեն առներ պատերազմներու դիմաց նոյնիսկ: Ուստի համաշխարհայնացումի պատճառով շահագործումը քանդած` անցած է պետական սահմանները, ջնջած է տարածութիւններն ու հեռաւորութիւնները: Կայ մեծ պետութիւններու կողմէ փոքր պետութեանց եւ ժողովուրդներու շահագործում:
Ուրեմն պէտք չէ զարմանալ, եթէ օր մը Հայաստանէն մղոններ հեռու պետութիւն մը տարբեր ձեւերով նեցուկ կանգնի Հայաստանի դէմ որեւէ ծրագրի: Պատճառը պէտք է փնտռել ո՛չ ազգային կամ ցեղային հարցերու մէջ, ո՛չ ալ միայն պետական մակարդակի տնտեսութեան մէջ, այլ` տուեալ պետութեան իսկական տէրը հանդիսացող դրամատիրական ուժերուն քով… այսինքն, եթէ Ամերիկան ըլլայ անիկա, պարզ է որ «Ամերիկացի եւ հայ ժողովուրդներու յարաբերութիւնը» պիտի չըլլայ պատճառը: Աւելի՛ն. «Ամերիկեան պետութեան տնտեսական շահերն են պատճառը» ըսելն ալ բաւարար պիտի չըլլայ, որովհետեւ այս դրամատիրական իրականութեան մէջ չկան պետական տնտեսական շահեր, այլ կան անձնական կամ խմբակցական շահեր, որոնք կը կատարուին պետութեան հաշուոյն:
Տակաւին, բացի քաղաքականէն, կայ նաեւ համաշխարհային դրամատիրութեան մշակութային աւերը: Պարզ է, որ ժողովուրդներու ֆիզիքական ապահովութիւնը չխնայող ու ի հարկին պատերազմներ սարքող դրամատիրութիւնը առանց նուազագոյն զղջումին եւ ամենայն անդորրութեամբ պիտի քալէ նաեւ ժողովուրդներու մշակոյթներուն վրայէն, աւերէ զանոնք, քանդէ ազգերը…Ինչու՞: Ծախելու համար իր ապրանքը: Ուրիշ պատասխան պէտք չէ փնտռել: Այս վտանքը տեսնելը գուշակութիւն չի պահանջեր: Նայելով մերօրեայ երեւանեան մշակոյթի զարգացման կը տեսնենք ինչպէ՛ս արեւմտեանը կը թափանցէ, կը պարտադրէ ինքզինք, յատկապէս` երգի աշխարհին մէջ: Նոյնն է պարագան սփիւռքին համար: Իրենց ապրանքը, որ ի դէպ, ընդհանրապէս գրեթէ չունի գեղագիտական արժէք, ծախելու համար միլիոններ կը թափեն քարոզչութեան վրայ: Խաբուողը կը խաբուի, եւ` անմեղօրէն… Իսկ մեր մշակոյթը, որ չունի նոյն քարոզչութիւնը, ինքն ալ կը նետուի դարակ մը…
Ահա տեսանք, թէ ինչպէ՛ս դրամատիրութիւնը կը հարուածէ փոքր ազգերը, ուստի այլ պատճառ մը ունինք կառչած մնալու ընկերվարութեան: Այո՛, հոս ալ գործնական պայքարի կարելիութիւնները շատ չեն թուիր ըլլալ, սակայն նախ պէտք է առնուազն հասկնալ, ճիշդ վերլուծել եւ ճանչնալ վտանգները, ու ճանչցնել մանաւանդ նոր սերունդին` զարգացնելու համար առողջ մտածողութիւն: Ապա պէտք չէ նաեւ կտրել մեր եւ այն հեռակայ միջազգային արդար պայքարին միջեւ թելը:
Այս բոլորէն ետք, եթէ տակաւին Հայաստանն ալ, միջազգայինն ալ հեռու կը թուին մեր աչքին, ապա կարելի է տալ երրորդ պատճառ մը:
Իջնենք վար, գանք մեզի, գանք այնպիսի տեղեր, որոնց մասին ըսուածէն կարելի չէ փախուստ տալ, կարելի չէ «մեր վրան չառնել», ինչպէս զարմանալիօրէն կարելի է երկու նախորդ փաստարկներուն պարագային: Գանք ամէն մէկս իր գաղութին, շրջանակին, կազմակերպութեան, վերջապէս` գործելադաշտին: Ինչպէ՞ս կրնայ ընկերվարական մտածելակերպը, ընկերվարական խառնուածքը օգտակար դառնալ մեր ներքին հզօրացման: Պատասխանը կը կայանայ ընկերվարութեան արժէքներուն, սկզբունքներուն մէջ, որոնք եթէ ըլլան իշխողը, իրապէ՛ս մեզ հեռու կը պահեն շատ մը յոռի եւ քայքայիչ երեւոյթներէ:
Արդարեւ, եթէ դիմենք «Օքսֆըրտ» քաղաքական բառարանին, պիտի հանդիպինք տողերու, որոնք կ՛ըսեն, թէ ընկերվարութեան առաջին ռահվիրաները, բոլորն ալ կը համաձայնէին կէտի մը շուրջ, որն էր ունենալ այնպիսի՛ հասարակութիւն, որուն մէջ հաւաքական եւ համայնական շահերու հետապնդումը պիտի գերադասուէր անձնական շահերու հետապնդումէն: Նմանապէս` հասարակաց նպատակ էր ընկերութեան մէջ համերաշխութեան մը հասնիլը:
Մէկուկէս դար առաջ արծարծուած այս մտահոգութիւնները ի զօրու են տակաւին: Եւ կը վերաբերին ո՛չ անպայման ժողովուրդներու, համայնքներու, այլ կարելի է անոնց կարեւորութիւնը տեսնել ամէն տեղ` սկսելով մարդոց ամէնէ պզտիկ խումբերէն, բջիջներէն: Պէտք է ուսումնասիրել եւ մանաւանդ պէտք եղածին պէս դասաւանդել, տարածել վերոյիշեալ արժէքները: Դպրոցներուն, ակումբներուն մէջ զանոնք բացատրող եւ ուսուցանող դասախօսութիւնները պէտք չէ կազմակերպել պարզապէս որպէս պարտականութիւն, կամ խղճի պարտք, կամ «խօսք լսելէ փախուստ», այլ անոնց մօտենալ ամենայն լրջութեամբ եւ հաւատքով: Ամէն մէկ երիտասարդ, որ կը վիրաւորուի եւ կ՛ըմբոստանայ ընկերոջ դէմ, որ հակազգային մտածում կ՛ունենայ, պէտք է նո՛յնքան պոռթկումով զսպէ իր այն «ընկեր»-ը, որ իր անձնական շահին համար առուծախ կ՛ընէ, փառք կը գնէ, փառք կը ծախէ, կը շրջէ վերը նշուած շահի հետապնդման կարգը:
Փիլիսոփայութիւն չէ, նորելուկ գիտնականութիւն չէ, սին մարդկայնականութիւն չէ ասիկա, այլ կը ծառայէ ամէնէ՛ն առաջ մեզի: Համերաշխ, արդար ընկերութիւն կ՛ուզէ ընկերվարութիւնը եւ կը հրամցնէ անոր հասնելու դարման սկզբունքները: Ատոնք մենք մեր մէջ գործադրելով, կ՛ունենանք համերաշխ եւ ուստի ուժեղ զոյգ, խմբակ, խումբ, կազմակերպութիւն, համայնք, ընկերութիւն, ազգ: Առանց անոնց` կը քաշքշուինք, կը պատռտինք, պառակտուինք եւ կ՛ըլլանք տկար ու կը ծառայենք դատարկ անհատներու միայն:
Թէկուզ միայն ա՛յս պատճառին համար կ՛արժէ վերադարձնել ընկերվարութեան թղթածրարը իր արժանի տեղը:
Հանել ընկերվարութիւնը դարակէն դուրս, դնել սեղանին վրայ, դարձնել անդադար ուսումնասիրութեան եւ դաստիարակութեան առարկայ, հաղորդուիլ անոր արժէքներուն եւ ուղղորդուիլ անոնցմով, հաւատալ եւ ձգտիլ անոր միջազգային յաղթանակին, որ կը ծառայէ մեզի նաեւ, եւ վերջապէս, տեսնել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ անոր իրականացման կարեւորութիւնը:

