Փլամպլի. «Թիւ 1701 Բանաձեւին Ծիրին Մէջ Սուրիոյ Տագնապը Լիբանանի Վրայ Հետեւանքներ Կ՛Ունենայ»
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի մասնակցեցաւ Լիբանանի մէջ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան առումով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին:
Նիստին ընթացքին Փլամպլի յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապը իր հետեւանքները կ՛ունենայ Լիբանանի կայունութեան վրայ:
Ան շեշտեց, որ թիւ 1701 բանաձեւը պէտք է գործադրել` արգիլելու համար Լիբանանը անդունդն ի վար գլորելու հաւանականութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

