Հարիրի Կ՛Ընդվզի «Ախպար»-ի Հրապարակած Տեղեկութիւններէն

«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Ռաֆիք Հարիրիի անուան կեդրոնը, որ կը ֆինանսաւորուի անոր անդրանիկ զաւկին` Պահաէտտին Հարիրիի կողմէ, մասնակցած է ամերիկեան խորհրդաժողովի մը, որուն նպատակն է զօրակցիլ Իսրայէլի ու անոր քաղաքականութեան եւ իսրայէլեան քաղաքական անձնաւորութիւններու:

Իբրեւ պատասխան հրապարակուած այս տեղեկութեան, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հաստատեց, որ բոլոր այդ տեղեկութիւնները անճիշդ են` աւելցնելով, որ կարգ մը օրաթերթեր վարժ են նման սուտասանութիւններու, մանաւանդ անոր համար, որ անոնք կ՛ուզեն Ռաֆիք Հարիրիի արժանապատուութիւնը «զգետնել»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES