Ռայի Պատրիարքը Շեշտեց Լիբանանեան Միասնականութեան Անհրաժեշտութիւնը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնին, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Հիւսէյնի յայտնեց, որ ինչպէս անցեալին, նոյնպէս եւ այսօր Պքերքէ կը կատարէ իր ազգային դերակատարութիւնը` յանձնառու մնալով երկրին միասնականութեան, անկախութեան, ազատութեան եւ գերիշխանութեան:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքին այցելեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմաթիսը, որ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Ռայի պատրիարքին Կիպրոս այցելութեան արդիւնքները:

Ռայի պատրիարքին այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Ապտալլա Ֆարհաթ, որ յայտնեց, թէ Պշարա Ռայի պատրիարքին կեցուածքները առարկայական են եւ կը գերազանցեն ղեկավարութիւններն ու արտաքին ուժերուն խոստացուած յանձնառութիւնները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES