Նախարար Սապունճեան Կոչ Ուղղեց Սննդամթերքի Որակը Պահպանող Օրէնքի Մշակումին
Սննդամթերքի ազգային օրուան առիթով, ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ «Պիել»-ի մէջ հովանաւորեց Լիբանանի մէջ սննդամթերքի ճարտարարուեստի գործատէրերու սենտիքային կազմակերպած ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին ան խստիւ դատապարտեց ժողովուրդին ամէնօրեայ հացը վտանգող փորձերը:
Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ նման անձեր միայն ֆիզիքապէս կ՛ապրին, որովհետեւ անոնք խղճով մահացած են: Ան աւելցուց, որ ինք իբրեւ նախարար կը զօրակցի քաղաքացիներուն:
Այս շրջագիծին մէջ, նախարար Սապունճեան ընդգծեց, որ լիբանանցիներուն սնունդը վտանգող բոլոր փորձերուն դէմ Լիբանանի կառավարութիւնը հզօր պայքար կը մղէ եւ երկաթեայ բազուկով պիտի հարուածէ քաղաքացիներուն սննդամթերքը թունաւորելու քայլերը:
Այս շրջագիծին մէջ, Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ պէտք է մշակել սննդամթերքի որակը պահպանելու օրէնք մը:
«Մենք պէտք է միջազգային չափանիշերը պահպանենք, համաշխարհային շուկաներ մուտք գործենք եւ լիբանանցիներուն ու ամբողջ աշխարհին փաստենք, որ մենք ունինք հպարտութիւն ներշնչող ազգային սննդամթերք եւ արտադրութիւն», ըսաւ Վ. Սապունճեան:


