Հանդիպում` Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարար Սէյրան Օհանեանի Հետ

Չորեքշաբթի, 21 մարտ 2012-ին, ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի ներկայացուցչութեան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի ՀՅԴ ներկայացուցիչներու եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութեան միջեւ: Այս հանդիպման ներկայ էին նաեւ ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարէն Նազարեան, Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան զինուորական կցորդ գնդ. Մեսրոպ Նազարեան եւ առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեան:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէր անոր օգնական եւ փոխարինող Դաւիթ Տոնոյեան: ՀՅԴ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Տիգրան Խալիկեան եւ Հրայր Պարոնեան, որոնց կ՛ընկերակցէր Նիւ Եորքի «Ա. Գարօ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Վալոտ Աթախանեան:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւող այս տեսակցութեան ընթացքին արծարծուեցան բանակը յուզող հարցեր: ՀՅԴ պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց վերջերս մեծ շուքով նշուած բանակի 20-ամեակը: Նաեւ խօսուեցաւ բանակին մէջ կատարուած անարդարութիւններուն մասին: Այս գծով նախարարը յայտնեց, որ ամէն ճիգ կը թափուի, որպէսզի նման հարցեր չպատահին: Նախարար Սէյրան Օհանեան յայտնեց, որ արդէն իսկ զեղծարարութեան եւ անկարգապահութեան հարցերը նուազած են 50 առ հարիւր համեմատութեամբ:

Ան հաստատեց, որ Հայաստանի բանակը իր պատրաստութեամբ, սարքաւորումներով եւ բարոյականով կը նկատուի շրջանի զօրաւորագոյնը:

Նախարարը եզրակացուց, որ ան կը գնահատէ սփիւռքահայութեան կատարած հետեւողական աշխատանքը` Հայ դատի մարզին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES