Մինսքի Խմբակի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քաղաքական Կամքի Հերթական Կոչը Կ՛Ուղղեն

Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները ղարաբաղեան տագնապի լուծման միջնորդութեան պաշտօնական դիմումին 20-ամեակին առիթով երէկ կողմերուն կոչ ուղղեցին հաստատուն եւ խաղաղ լուծման հասնելու համար անհրաժեշտ քաղաքական կամք ցոյց տալու:

Իրենց կատարած միացեալ յայտարարութեան մէջ` Սերկէյ Լաւրով, Հիլըրի Քլինթըն եւ Ալեն Ժիւփէ կողմերու առաջնորդներուն կոչ ուղղեցին ըստ կարելւոյն շուտ աւարտել աշխատանքը շրջանակային համաձայնագիրի եւ անոր յաջորդող վերջնական լուծման որոշման վրայ յենած ուժի կամ ուժի սպառնալիքի բացառման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման ու ազգերու հաւասարութեան Հելսինքիի ամփոփիչ արձանագրութեան, ՄԱԿևի կանոնադրութեան կէտերու, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւունքի չափանիշերու եւ սկզբունքներու վրայ, որ թոյլ կու տայ ամբողջ շրջանին դուրս գալու սթաթիւս քոյէն դէպի աւելի անվտանգ եւ բարգաւաճ ապագայ:

Յայտարարութեան համաձայն, շրջանի ժողովուրդները աւելի շատ տուժած են պատերազմի հետեւանքներէն եւ լուծման հասնելու որեւէ յետաձգում պիտի ձգձգէ անոնց տառապանքները: Շրջանին մէջ կ՛ապրի սերունդ մը, որ չի յիշեր, թէ ինչպէ՛ս հայերը եւ ազրպէյճանցիները կ՛ապրին կողք կողքի եւ այս արհեստական բաժանումները աւելի կը խորացնեն պատերազմի վէրքերը: Հետեւաբար երեք արտաքին գործոց նախարարները կոչ ուղղեցին կողմերու ղեկավարներուն բնակչութեան պատրաստելու խաղաղութեան եւ ոչ թէ պատերազմի:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ 24 մայիս 2011-ին Տովիլի մէջ կատարուած միացեալ յայտարարութեան մէջ նախագահներ Մետվետեւ, Օպամա եւ Սարքոզի հաստատած են, որ միայն բանակցութիւններու ճամբով լուծումը պիտի բերէ խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ հաշտութիւն, եւ տագնապը լուծելու համար ուժի օգտագործման որեւէ փորձ անկայունութիւն պիտի բերէ Հարաւային Կովկասի մէջ, որ բաւական երկար ժամանակէ ի վեր կը տառապի անորոշութենէն եւ վստահութեան պակասէ: «Խաղաղութեան ճամբուն վրայ յառաջընթաց արձանագրուած է», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES