ՀՅԴ-ն Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբին Ներկայացուց Համամասնական Ցուցակը
ՀՅԴ-ն երէկ Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին ներկայացուց համամասնական կարգով պատգամաւորներու թեկնածուներուն ցուցակը: Ատիկա յանձնախումբին ներկայացուցած է յանձնախումբի նախկին անդամ Համլեթ Աբրահամեան:
Նշենք, որ ՀՅԴ-ի ցուցակները հրապարակուած էին նախանցեալ օր: Կուսակցութեան համամասնական ցուցակին վրայ 85 անուններ կան: Առաջին հնգեակը հետեւեալ տեսքը ունի.Վահան Յովհաննիսեան (խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար), Արմէն Ռուստամեան (ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ), Արտաշէս Շահբազեան, Աղուան Վարդանեան, Արծուիկ Մինասեան:
CATEGORIES Հայկական

