Լիզպոն Պիտի Հիւրընկալէ 2014-ի «Չեմփիընզ Լիկ»-Ի Մրցաշարքի Աւարտական Մրցումը

Եու. Է. Էֆ. Ա.ի պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ Լիզպոնի (Փորթուգալ) Էսթատիօ տա Լուզ (լոյսի դաշտը) դաշտը պիտի հիւրընկալէ 2013-2014 տարեշրջանի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումը:

Այսպիսով, աւարտական այս մրցումը պիտի վերադառնայ Փորթուգալի մայրաքաղաք` առաջին անգամ ըլլալով այն օրէն ի վեր, երբ անիկա 1967-ին հիւրընկալեց նախկին «Եուրոփիըն Քափ»-ի աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին Սելթիք 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ինթեր Միլանը:

Թորինօ պիտի հիւրընկալէ «Եուրոփա լիկ»-ի աւարտական մրցումը, Եուվենթուսի նոր շինուած դաշտին վրայ, որուն բացումը կատարուեցաւ այս տարեշրջանին սկիզբը:

Իսկ 2015-ի Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան Չեխիոյ մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES