Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Յետաձգեց Մարսէյ – Մոնփելիէ Մրցումը

Պաշտօնական յայտարարութեան մը մէջ Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նշեց, որ սկզբունքով 31 մարտին տեղի ունենալիք Մարսէյ – Մոնփելիէ մրցումը (ախոյեանութիւն) յետաձգուեցաւ յառաջիկայ 11 ապրիլին:

Ֆետերասիոնը այս քայլին դիմեց օգտակար դառնալու համար Մարսէյի, որպէսզի անիկա լաւապէս պատրաստուի Պայէրն Միւնիխի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականին:

Մարսէյ, որ Ֆրանսայի մէջ կը գրաւէ դասաւորման 9-րդ դիրքը, 28 մարտի երթի մրցումին պիտի հիւրընկալէ Պայէրն Միւնիխը, մինչ դարձի մրցումը պիտի կատարէ 3 ապրիլին` Գերմանիոյ մէջ:

Share this Article
CATEGORIES