Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` Սաֆա – Թրիփոլի
Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը, այսօր` ուրբաթ, 23 մարտին Սաֆա կը մրցի Թրիփոլիի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Մարզական աւանին մէջ, պիտի սկսի ժամը 3:30-ին:
Ֆետերասիոնին կողմէ այս մրցումին հսկող նշանակուած է Ապտել Նասեր Պախթի:
CATEGORIES Մարզական