Թենիս. «Սոնի Էրիքսըն»-Ի Մրցաշարք. Նալպանտեան Յաղթեց Տարսիսի
Մայեմիի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցող թենիսի «Սոնի Էրիքսըն»-ի միջազգային մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան յաղթանակ արձանագրելով ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը:
Նալպանտեան այս մրցումին 2 ժամուան ընթացքին 6-4 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթեց պելճիքացի Սթիւ Տարսիսի: Անոնք առաջին անգամ ըլլալով իրարու դէմ կը ճակատէին:
Բ. հանգրուանին Նալպանտեան իր դէմ պիտի ունենայ սերպ Եանքօ Թիփսարեւիչը: Նախապէս անոնք երկու անգամ ճակատած են իրարու դէմ եւ երկուքին ալ Նալպանտեան յաղթանակ արձանագրած է:
CATEGORIES Մարզական


