Սամուէլ Յարութիւնեան` Ողիմպիական Կարգի Իրաւարար

Իր լուրը մէջբերելով Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնէն, «Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Հայաստանի ըմբշամարտի իրաւարար Սամուէլ Յարութիւնեան Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻԼԱ) կողմէ ստացած է Ողիմպիական խաղերու մենամարտներ ղեկավարելու արտօնագիր:

Յարութիւնեան 2-3 մարտին Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ մասնակցած է ՖԻԼԱ-ի կազմակերպած իրաւարարներու յատուկ մէկ սեմինարին, որուն ընթացքին Ողիմպիական իրաւարար դառնալ ուզող թեկնածուները համապատասխան քննութիւն յանձնած են:

 

Share this Article
CATEGORIES