Պասքեթպոլի Յատուկ Ձեռնարկ` Լոս Անճելըսի Մէջ Հայաստանի Դեսպանատան Մէջ

Armsport.am լրատուական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ նախանցեալ օր Լոս Անճելըսի մէջ գտնուող Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է յատուկ ձեռնարկ մը, նուիրուած` Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց ազգային հաւաքականին` Եւրոպայի ախոյեանութեան իր մասնակցութեան ընթացքին լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար:

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը վստահեցաւ ամերիկահայ Քարլ Պարտաքեանին, որ 2011-ի համահայկական խաղերուն Լոս Անճելըսի իր խումբին հետ տիրացաւ տիտղոսին: Ան այժմ Միացեալ Նահանգներու մէջ մեծ աշխատանք կը տանի` զօրաւոր հաւաքական մը ստեղծելու համար:

Լոս Անճելըսի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած այս ձեռնարկին մասնակցեցան հայկական համայնքին շարք մը անուանի ներկայացուցիչները, որոնց կարգին` Արարատ 73-ի անցեալի ֆութպոլիստ Լեւոն Իշթոյեան:

Բացայայտ իրողութիւն է, որ Միացեալ Նահանգներ կը նկատուին աշխարհի յառաջատար ախոյեանութիւնը: Ասկէ մեկնելով` Հայաստանի հաւաքականը եւրոպական ասպարէզին մէջ կրնայ բացառիկ յաջողութիւններ ձեռք ձգել` Միացեալ Նահանգներու մէջ իր ունեցած ներուժը օգտագործելով:

Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած այս ձեռնարկը անգամ մը եւս եկաւ փաստելու, որ ամերիկահայութիւնը մեծ ոգեւորութեամբ կ՛ընդունի այն գաղափարը, որ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը պէտք է զօրաւոր կազմով մը ելոյթ ունենայ միջազգային ասպարէզին մէջ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES