Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շաբաթ, 24 Մարտին Կը Սկսին Ֆայնըլ-Էյթի Դարձի Մրցումները
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնէն կը տեղեկանանք, որ շաբաթ, 24 մարտին պիտի սկսին Լիբանանի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի մրցումները` օրուան յայտագիրին վրայ եղող Պըժժէ – Սաժես մրցումով:
Նոյն օրը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Շանվիլ – Անիպալ մրցումը, որ յետաձգուած է երթի 3-րդ հանգրուանէն:
Իսկ երթի 5-րդ հանգրուանէն յետաձգուած Ռիատի – Սաժես մրցումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 28 մարտին:
Ստորեւ կու տանք շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
ԵՐԹԻ 3-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ՇԱԲԱԹ, 24 ՄԱՐՏ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Շանվիլ – Անիպալ 16:00 Շանվիլ
ԴԱՐՁԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ՇԱԲԱԹ, 24 ՄԱՐՏ
Պըժժէ – Սաժես 18:00 Սանթրալ
ԿԻՐԱԿԻ, 25 ՄԱՐՏ
Հուփս – Ռիատի 18:00 Մըրի համալիր
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 27 ՄԱՐՏ
Անիպալ – Պիպլոս 18:00 Զահլէ
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 28 ՄԱՐՏ
Մութթահետ – Շանվիլ 18:00 Թրիփոլի

