Մանկապատանեկան Գիրքերու Եւ Դաստիարակչական Խաղերու Ցուցահանդէս – Վաճառքի Բացման Հանդիսութիւն

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածին, հայկական տպագրութեան 500-ամեակին եւ հայ գիրքի տարուան առիթներով երէկ` ուրբաթ, 23 մարտի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէս-վաճառքի բացման հանդիսութիւնը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, մասնակցութեամբ հայկական, լիբանանեան եւ միջազգային հրատարակչատուներու, գործակցութեամբ «Ազդակ»-ի եւ «Վանայ ձայն»-ի:

Հանդիսութեան ներկայ էր Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Կոմիտաս արք. Օհանեան, վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ մեծ թիւով մանուկներ ու պատանիներ:

Սիւզի Տէրտէրեան

Այս առիթով բացման խօսքը արտասանեց Սիւզի Տէրտէրեան, որ յայտնեց, թէ այս հանդիսութեամբ սկիզբը կը տրուի երեք շաբաթներու ընթացքին տեղի ունենալիք գեղարուեստական ներկայացումներու, ընթերցանութեան մրցանքին, գիրքերու պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ այլ նախաձեռնութիւններու:

Աշոտ Քոչարեան

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Դեսպանը յայտնեց, որ հայ գիրքը, եկեղեցին, մշակոյթը, ընտանիքը, կազմակերպութիւնները դարեր շարունակ հայապահպանութեան երաշխիքը եղած են: Դեսպանը գնահատեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան այս նախաձեռնութիւնը, յատկապէս այս տարի, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 2012 տարին հռչակեց «Հայ գիրքի տարի» եւ յառաջիկայ ամիս Երեւանը կը հռչակուի գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք:

Այս իմաստով ան յատկապէս բարձր գնահատեց Երեւանի մէջ տեղի ունեցող միջազգային փառատօները, համահայկական խաղերը եւ համաշխարհային կարեւորութիւն ունեցող այլ նախաձեռնութիւններ: Դեսպանը ուրախալի երեւոյթ նկատեց Լիբանանի հրատարակչատուներու մասնակցութիւնը Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն, յատկապէս Լիբանանի մշակոյթի նախարար Կապի Լայեունի եւ Պէյրութի քաղաքապետ Պիլալ Համատի ներկայութիւնը: Դեսպան Քոչարեան խօսելով հայ գիրքի կարեւորութեան մասին հայ գիրքը նոր սերունդի հիմնասիւնը նկատեց եւ նշեց, որ արհեստագիտութեան այս դարուն գիրքը տակաւին չէ կորսնցուցած իր արժէքը:

Կոմիտաս արք. Օհանեան

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Կոմիտաս արք. Օհանեան, որ յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդը միշտ սիրած է հայ գիրքը: «Հայ ժողովուրդի փառքին, պանթէոնին, խորանին վրայ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը եւ Յակոբ Մեղապարտը բարձրացած են մեր բոլորին սրտերուն մէջ», ընդգծեց Կոմիտաս սրբազան:

Սրբազան հայրը անդրադարձաւ Յակոբ Մեղապարտին, որ Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքին մէջ փորձեց հայկական տպարան հիմնել եւ հայ գիրք տպել, բան մը, որ շատ դժուար էր, իսկ երբ առաջին գիրքը տպեց, ան աղօթքով սկսաւ, որպէսզի օրհնուի հայ տպագրութեան ճամբան, եւ այս ցուցահանդէսը արժանաւորապէս կը պատուէ Յակոբ Մեղապարտի յիշատակը:

Սրբազան հայրը այս առիթով նաեւ վեր առաւ Համազգայինի տարած աշխատանքը հայ գիրքին ու մշակոյթի տարածման մէջ:

Յակոբ Հաւաթեան

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան իր կարգին յայտնեց, որ անցնող 2 տարիներուն այս նախաձեռնութիւնը վայելած է ծնողներու եւ վարժարաններու աջակցութիւնը, զօրակցութիւնը եւ խանդավառութիւնը, եւ այս տարուան ցուցահանդէսը իւրայատուկ նկատեց` նկատի ունենալով, որ 2012-ը կը զուգադիպի հայկական տպագրութեան 500-ամեակի, Երեւանը գիրքի միջազգային մայրաքաղաք եւ վեհափառին կողմէ «Հայ գիրքի տարի» հռչակման:

Հաւաթեան այս առիթով նշեց նաեւ, որ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք նախաձեռնութիւններուն պիտի բերէ իր մասնակցութիւնը:

Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին` այս ձեռնարկի հովանաւորութեան, ինչպէս նաեւ տէր եւ տիկին Արսէն եւ Սօսի Հալաճեաններուն, այս ցուցահանդէսի նախագահութիւնը ստանձնելնուն համար, բոլոր նուիրատու հաստատութիւններուն եւ այն խումբին, որ օժանդակեց այս ցուցահանդէսի յաջողութեան:

Յակոբ Հաւաթեան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն այս ցուցահանդէսին ծիրին մէջ տեղի ունենալիք մրցումները առիթ մը կ՛ըլլան առնչուելու հայ գիրքին հետ, միեւնոյն ժամանակ օժանդակելու, որ այս նախաձեռնութիւնը ընդարձակուի` յանուն հայ գիրքի ու մշակոյթի տարածման:

Յայտնենք, որ գեղարուեստական յայտագիրով Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցը ներկայացուց Յովհաննէս Թումանեանի հետեւողութեամբ «Շունն ու կատուն» չափածոյ թատերախաղը` բեմադրութեամբ Ռոպերթ Առաքելեանի, իսկ «Կարկաչ» երգչախումբը ներկայացուց «Գարուն Երեւան», «Իմ ուսուցիչ» եւ այլ երգեր` խմբավարութեամբ` Զաքար Քէշիշեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Կամիլա Քէշիշեանի:

Ցուցահանդէսը կը շարունակուի ամէն օր, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES