Մանսուր – Ալի Հանդիպում

Նախարար Մանսուր եւ դեսպան Ալի

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, երկկողմանի յարաբերութիւնները, սահմանային իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Մանսուրի Մոսկուա կատարած այցելութեան արդիւնքները:

Հանդիպումէն ետք Ալի պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն յայտնեց, որ Սուրիա ողջունած է միջազգային պատուիրակ Քոֆի Անանի ստանձնած առաքելութիւնը` աւելցնելով, որ Դամասկոս գետնի վրայ կը գործէ` լուծելու համար իր ներքին հարցերը, հիմնուելով սուրիական ներքին երկխօսութեան վրայ:

Ալի աւելցուց, որ սուրիական իշխանութիւնները ճիգ չեն խնայեր ծայրայեղական տարրերուն դէմ պայքարելու առումով:

Միւս կողմէ, Ալի «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ սուրիական իշխանութիւններն ու սուրիացիները գիտակից են իրենց դէմ նիւթուող դաւադրութեան տարողութեան եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` լուծելու համար այդ տագնապը:

Share this Article
CATEGORIES