Վարչապետ Միքաթի Ղոսընի Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Կացութիւնը
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընը, որուն հետ քննարկեց պաշտպանութեան նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան վերոնշեալ խորհուրդին վերաբերող աշխատանքները:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց Քուէյթի մէջ Լիբանանի դեսպան Պասսամ Նաամանին, որ ներկայացուց Քուէյթի լիբանանեան գաղութին իրավիճակը:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին երեսփոխաններ Էլիաս Սքաֆ եւ Ժիհատ Սամատ:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի երէկ այցելեց Սին էլ Ֆիլի ղպտի եկեղեցին, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց Շնոտա Գ. պապին վախճանման առիթով: Միքաթի շեշտեց, որ Շնոտա Գ. պապը եղած է իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան, երկխօսութեան եւ անշեղ կեցուածքի օրինակելի տիպարը:
Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ իրենք ելեկտրական հոսանքի վերահաստատման առումով լուծում ունին` աւելցնելով, որ այդ լուծումը գործադրելու համար անհրաժեշտ է բարի մտադրութեամբ եւ առանց յետին նպատակներու մօտենալ հարցերուն:
Վարչապետ Միքաթի աւելցուց, որ այդ առումով ինք ամբողջական տեղեկագիր մը պատրաստելու ընթացքին մէջ է եւ զայն պիտի ներկայացնէ կառավարութեան յաջորդ նիստին ընթացքին:


