Տորայի Շրջանին Մէջ Շէնքի Մը Առաջնամասը Փուլ Եկաւ` Պատճառելով Նիւթական Վնասներ
Երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:20-ին Պուրճ Համուտի անդորրը խզուեցաւ, երբ Տորա շրջանի «Պիկ Սէյլ» վաճառատան մօտակայքը գտնուող շէնքի մը առաջնամասը փուլ եկաւ` նկատի ունենալով, որ ճարտարապետը քանդած էր շէնքին հիմը եւ այդ մասը կանգուն պահած միայն իր երկաթներուն վրայ:
Հարկ է նշել, որ փուլ եկած առաջնամասին պատկանող կառոյցը երկար ատենէ ի վեր արդէն անբնակելի էր: Այդ կառոյցը կը պատկանի Հրաչ Գասարճեանի:
Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերն ու Կարմիր խաչը, որոնք անմիջապէս փութացին դէպքին վայրը, հաստատեցին, որ մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած: Հետեւաբար հարկ է նշել, որ արկածը պատճառած է միայն նիւթական վնասներ, որոնք հիմնականին մէջ եղած են փուլ եկած շէնքի առաջնամասին տակ կեցած երկու ինքնաշարժներ:
Փուլ եկած կառոյցին մասին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան յայտնեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը պատասխանատու չէ այդ դէպքին, որովհետեւ շէնքին սեփականատէրն ու ճարտարապետը քաղաքապետարանէն արտօնագիր ստացած են` վերանորոգելու համար այդ կառոյցը:
Անդրադառնալով այդ շէնքին մասին շրջակայ շէնքերու բնակիչներուն ներկայացուցած բողոքներուն` Ա. Մսըրլեան շեշտեց, որ այդ բողոքները ամիսէ մը ի վեր առկայ են ու այլ հարցի կը վերաբերին եւ ոչ մէկ կապ ունին փուլ եկած առաջնամասին հետ:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի ճարտարապետական բաժանմունքի պետ Արփի Մանկասարեան յայտնեց, որ շրջանին բնակիչները գանգատած են փուլ եկած շէնքին կից գտնուող կառոյցին վրայ նկատուած ճեղքերուն գծով: Ան աւելցուց, որ քաղաքապետարանի ճարտարապետական բաժանմունքի անձնակազմը ստուգած է այդ բողոքին դրդապատճառը եւ 10 օրէ ի վեր արդէն զգուշացուցած շէնքին սեփականատէրը:
Ա. Մանկասարեան ճարտարապետը պատասխանատու նկատեց այդ արկածին:

