Նախագահ Սլէյման Քահուաժիի Հետ Քննարկեց Բանակին Որդեգրած Միջոցառումները

Նախագահ Սլէյման եւ զօր. Քահուաժի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց ամբողջ Լիբանանի տարածքին եւ յատկապէս Սուրիոյ հետ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ լիբանանեան բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները, ըլլան անոնք ցամաքային թէ ծովային:

Նախագահ Սլէյման եւ զօր. Քահուաժի քննարկեցին նաեւ լիբանանեան քաղաքացիական անվտանգութեան համար որդեգրուած քայլերը, որոնց շրջագիծին մէջ նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ անհրաժեշտ է երկրին  ապահովութիւնը խախտող կողմերուն հետ առաւելագոյն չափով խիստ վարուիլ եւ ապահովութիւնը խախտելու որեւէ փորձ հակակշիռի տակ առնել` երկրին ապահովական կայունութիւնը անխախտ պահելու գնով:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց խորհրդարանական հարցերու պետական նախարար Նիքոլա Ֆաթթուշ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց խորհրդարան յղուած շարք մը օրինագիծեր:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ գնդ. Ապտել Ռահման Շհայթլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան կողմին աշխատանքը` երկրին ծովային սահմանները ճշդելու գծով:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Տնտեսական համագործակցութեան եւ համախոհութեան հանդիպումի նոր նշանակուած վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ հանդիպումի նախագահ Ամեր Արսլանի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Տնտեսական համագործակցութեան եւ համախոհութեան հանդիպումին տարած աշխատանքները, որոնք արժանացան նախագահ Սլէյմանի դրուատիքին:

Share this Article
CATEGORIES