ՃԱՏՐԱԿ. Արոնեան Կը Մօտենայ Քարլսընի
Ինչպէս ծանօթ է, մարտի սկիզբը ՖԻՏԷ-ն հրապարակեց ճատրակի աշխարհի նոր դասաւորումը, ուր հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան կը գրաւէ երկրորդ դիրքը` նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընի ետին:
Իր լուրը մէջբերելով 2700chess.com կայքէջէն` Armsport.am կը յայտնէ, որ ներկայ դրութեամբ Արոնեանի վարկանիշը աւելցած է 4,9 կէտով եւ այժմ հայ վարպետը ունի 2824 կէտ: Քարլսընի ունեցած կէտերու հաշիւը մնացած է անփոփոխ` 2835:
Յառաջիկայ 21-28 ապրիլին տեղի պիտի ունենայ Ցիւրիխի ճատրակի դասական իւրայատուկ ընկերական հանդիպում մը, որուն ընթացքին իրարու դէմ յանդիման պիտի գան Լեւոն Արոնեան եւ Վլատիմիր Քրամնիք: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ միջազգային դասաւորման մէջ 2800 կէտէն աւելի կէտ ունեցող ճատրակ խաղացողներ:
CATEGORIES Մարզական


