ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. Հայաստան Կը Մասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան
Այս շաբաթավերջին Տորթմունտի մէջ (Գերմանիա) պիտի սկսին 2012-ի փինկ փոնկի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումները, որոնց իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան` իր տղոց եւ աղջկանց խումբերով: Տղոց հաւաքականը պիտի մասնակցի Դ. դասակարգի մրցումներուն, իսկ աղջկանց հաւաքականը` Գ. դասակարգին:
Մրցաշարքը պիտի աւարտի յառաջիկայ 1 ապրիլին, կը յայտնէ Armsport.am:
CATEGORIES Մարզական

