ԴԱՀՈՒԿԱՐՇԱՒ. 70 Երկսեռ Մասնակցողներ Կարճ Մրցումներուն Մասնակցեցան

Կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցան Լիբանանի 2012-ի դահուկարշաւի կարճ մրցումները` մասնակցութեամբ 70 երկսեռ մասնակցողներու, Մըզար շրջանին մէջ (Քֆարզըպիան):

Ընդհանրապէս տիրապետող եղան Ֆարայա Մըզար ակումբին ներկայացուցիչները:

Նշենք, որ այս մրցումներուն սկիզբին ազդանշանը տուողը հանդիսացաւ Սագօ Դարբինեան, իսկ ժամանման գիծին մօտ հսկողը եղաւ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի գանձապահ Նշան Համամճեան:

Աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան ներկայ էին ֆետերասիոնին անդամները, որոնց կարգին` Համամճեան:

 

Share this Article
CATEGORIES