ԺԻՒՏՕ. Վաղը` Փոքրերու Ախոյեանութիւնը
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին, վաղը` կիրակի, 25 մարտին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ Պուտտա ակումբին մէջ (Ատմա) տեղի պիտի ունենան Լիբանանի փոքրերու (2000-2001-ի ծնունդ) ախոյեանութեան մրցումները:
Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Ֆրանսուա Սաատէի հետ երէկ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ տեղեկացանք, որ այս ախոյեանութեան մասնակցողները պարտին ժամը ճիշդ 8:30-ին հոն ներկայ գտնուիլ` դիւրացնելու համար ֆետերասիոնի թեքնիք յանձնախումբին աշխատանքը:
Սաատէ եզրափակեց կոչ ուղղելով, որ այս ախոյեանութեան մասնակցողներուն ծնողները, ընտանեկան պարագաները եւ այս մարզով հետաքրքրուողները ուղղուին ֆետերասիոնին ժամանակաւոր կեդրոնատեղին` Ատմա, քաջալերելու համար ապագայ խոստացող փոքրերը:
CATEGORIES Մարզական

