«ՊԱՅՔ ՃԵՆԸՐԷՅՇԸՆ». Տիգրան Քորթութեանի Մամլոյ Ասուլիսը

Կազմակերպութեամբ «Պայք Ճենըրէյշըն»-ին տեղի ունեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ ֆրանսահայ հանրածանօթ հեծելանւորդ Տիգրան Քորթութեան, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացած է միջազգային բազմաթիւ տիտղոսներու:

Քորթութեան իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսեցաւ «Սփեշըլայզտ» հեծանիւին մասին, որ գործակցաբար Ֆորմիւլա 1-ի մրցումներուն մասնակցող «Մաքլարըն» ընկերութեան հետ, յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցումներուն ընթացքին կը խոստանայ արձանագրել շատ փայլուն արդիւնքներ:

Նշենք, որ Քորթութեան աւելի քան 15 տարի իր մասնակցութիւնը բերած է բազմաթիւ մրցաշարքերու: Այդ 15 տարուան ընթացքին ան 9 տարի մաս կազմած է «Էյ. Ճի. 2- Ար» խումբին: Հեծելարշաւի աշխարհին մէջ ան կը հանդիսանայ բաւական փորձառու եւ հմուտ մարզիկ մը:

Աւարտին, «Պայք Ճենըրէյշըն»-ի տնօրէն Անթուան Պարաքէ շնորհակալութիւն յայտնեց Քորթութեանին եւ մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուողներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES