ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. Վաղը` Անսար – Նըժմէ

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 25 մարտին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Մարզական աւանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Անսար – Նըժմէ գագաթի ճակատումը: Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով այս մրցումին հսկող նշանակուած է ֆետերասիոնի անդամ Մազեն Քուպէյսի:

Այսօրուան յայտագիրին վրայ են երեք, իսկ վաղուան յայտագիրին վրայ` երկու մրցումներ: 20-րդ հանգրուանը կ՛աւարտի երկուշաբթի` Ահտ – Սաֆա մրցումով:

Ստորեւ կու տանք 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.

 

ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Շապապ Սահել – Ախա Ալէյ 2:30 Պէյրութ
Մապարրա – Ահլի Սայտա 2:30 Սաֆա
Սալամ Սուր – Թրիփոլի 2:30 Սուր
ՎԱՂԸ
Անսար – Նըժմէ 5:30 Մարզական Աւան
Ռասինկ – Թատամոն Սուր 3:30 Ժունիէ
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Ահտ – Սաֆա 3:30 Սայտա

 

ՆՇԵՆՔ, որ 17-րդ հանգրուանէն յետաձգուած Սաֆա – Թրիփոլի մրցումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 30 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 3:30-ին, Մարզական աւանին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES