Լիբանանի Ֆութպոլի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` Հմըմ Պուրճ Համուտ – Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա
Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լեռնալիբանանի նահանգին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ ցարդ արձանագրած է երկու յաղթանակ, վաղը` կիրակի, 25 մարտին, կը ճակատի Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմայի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 1:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Սին էլ Ֆիլի դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ այժմ առաջնակարգ դիրքերու վրայ կը գտնուի, յաղթանակ մը եւս արձանագրելու պարագային Բ. հանգրուան հասնելու շատ մեծ յոյսեր պիտի ունենայ:
CATEGORIES Մարզական


