Սուրիական Հակամարտութիւնը Կրնայ Ապակայունացնող Ազդեցութիւն Ունենալ Թուրքիոյ Հարաւային Շրջանին Վրայ
Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի մագլցումով գաղթականներու հոսքը սահմանի երկայնքէն դէպի Թուրքիա աճելու միտում կը դրսեւորէ: Հարաւային Ալեքսանտրեթ շրջանին մէջ, ուր կ՛ուղղուի գաղթականներուն մեծամասնութիւնը, որոշ դէտեր կը զգուշացնեն, որ ներհոսքը կրնայ բարձրացնել սահմանին թրքական կողմին վրայ համայնքային լարուածութեան ուրուականը:
10-11 մարտին սուրիական զինուորական գործողութիւնները աշխուժացան ըմբոստներու հսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ, որոնք թրքական սահմանէն շատ հեռու չեն:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ երկօրեայ բանակցութենէ ետք, խնդիրներ լուծող ՄԱԿ-ի դիւանագէտ Քոֆի Անան 12 մարտին Թուրքիա ժամանեց տեսակցելու համար վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ: Անան ըսաւ, որ ինք «լաւատես» է Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ, սակայն ան Դամասկոսէն մեկնեցաւ, առանց զինադադարի համաձայնութեան:
Ծրագրուած էր, որ Անան Թուրքիոյ մէջ 12 մարտին այցելէ Ալեքսանտրեթի ճամբարը, բայց յստակ չէր, որ ատոր համար ժամանակ պիտի ունենա՞ր (Անան չայցելեց Ալեքսանտրեթ, Ա.):
Նոյն ատեն, երբ սուրիական բանակը կը շարունակէ հարուածել ընդդիմութեան հիւսիսային ամրոցը` Իտլիպը, թրքական սահմանէն նուազ քան 50 քմ. հեռու գտնուող քաղաք մը, գաղթականները կը շարունակեն փախչիլ դէպի Թուրքիա:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 6 մարտին կոչ ուղղեց, Սուրիոյ մէջ «անմիջապէս բանալու» մարդասիրական օժանդակութեան միջանցքներ` երկրէն դուրս գալու ապահով ուղիներ տրամադրելու համար գաղթականներուն:
Անգարայի մէջ պաշտօնական աղբիւրներ Թուրքիա ապաստանած սուրիացի գաղթականներու թիւը 12 հազարով կը գնահատեն: «Մեր սահմանները բաց են: Ով որ կ՛ուզէ կրնայ գալ, որոնք որ կ՛ուզեն վերադառնալ, կրնան ետ դառնալ», ըսաւ Ալեքսանտրեթ տեղակայուած թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը:
Աղբիւրը, որ խնդրեց անանուն մնալ, մերժեց այն կարծիքը, ենթադրութիւնը, թէ Թուրքիա կը խուսափի մարդասիրական պատասխանատուութիւններէ, ժամանող սուրիացիները դասակարգելով իբրեւ «հիւրեր», փոխանակ անոնց գաղթականի կարգավիճակ շնորհելու: Դիւանագէտը ըսաւ, որ գաղթականներուն տրուած է «ժամանակաւոր պաշտպանութիւն»` Սուրիոյ մէջ տագնապի տեւողութեան:
Նոր ժամանող բազմաթիւ սուրիացիներ կը տեղաւորուին Ալեքսանտրեթի մէջ լարուած վրաններու տակ: Ի՞նչ ազդեցութիւն, եթէ ազդեցութիւն կայ, սուրիացի «հիւրերը» պիտի ունենան շրջանի ժողովրդագրական հաւասարակշռութեան վրայ: Զգայուն հարցում մը, որ սկսած էր ծագիլ:
Ժամանակին Սուրիոյ մէկ մասը եղած Ալեքսանտրեթը, Թուրքիա ձեռք ձգեց 1939-ին տեղի ունեցած հանրաքուէէն ետք, որ անվաւեր համարուեցաւ Դամասկոսի կողմէ եւ Աթաթիւրքի կողմէ կոչուեցաւ «Հաթայ»: Թէեւ Սուրիա պաշտօնապէս չէ ճանչցած Հաթայ-Ալեքսանտրեթը` իբրեւ Թուրքիոյ մէկ մասը, վերջին տարիներուն երկու երկիրները հիմնականին մէջ մէկ կողմ դրած են վէճը:
Շրջանին` Սուրիոյ պատմական առնչութիւնը տակաւին կ՛երեւի ատոր ցեղային դրուածքին մէջ: Շրջանը բնակավայրն է մեծ թիւով ալաուիներու, որոնք անդամներն են նոյն իսլամ շիի համայնքին, ինչպէս` Ասատի ընտանիքը:
Թուրքիոյ մէջ արաբ ալեւի կոչուող (թէեւ ալեւիները կրօնական անջատ խումբ մըն են ալաուիներէն) Ալեքսանտրէթի ալաուիները կ՛ըսեն, թէ իրենք կը վախնան, որ բարեկամներ եւ ընտանիքի անդամներ Սուրիոյ մէջ վտանգի ենթարկուած են սիւննի ընդդիմութեան ուժերու հաւանական վրիժառութեան պատճառով: Շեշտելու համար այդ մտավախութիւնը, Ասատի կողմնակից քանի մը ցուցարարներ ձերբակալուեցան, շրջանի կեդրոնական քաղաք Անտիոքի մէջ:
Ալեքսանտրեթի բազմաթիւ արաբ ալեւիներ, կը պնդեն, թէ սիւննի սուրիացիներ այժմ շրջանին մէջ կը գտնուին իբրեւ անկայունութեան հաւանական աղբիւր: Արձագանգելով խումբին մէջ տարածուած տեսակէտին` արաբ ալեւի արուեստագէտ Մեհմեթ Ֆահրաճի ըսաւ, որ ուժի այժմու հաւասարակշռութիւնը հաւասար է սիւննիներու, որոնք կ՛իշխեն տեղական քաղաքացիական ծառայութեան եւ շրջանի սեփական առեւտրական մարզին մէջ առաւել ազդեցիկ ալեւիներու միջեւ: Ան կը վախնայ, որ սիւննի սուրիացի գաղթականները, որոնք ըստ արաբ ալեւիներու, ջերմեռանդ բարեպաշտներ են, պիտի խախտեն առկայ ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական հաւասարակշռութիւնը:
Այս գաղթականներէն շատեր կը բնակին ազգականներու եւ բարեկամներու մօտ, սահմանամերձ շրջաններու մէջ, եւ ոմանք կը փորձեն, իբրեւ ներգաղթող, աշխատանք գտնել տեղական ագարակներու կամ շինարարութեանց մէջ:
Աշխատանքի համար մրցակցութիւնը զայրոյթի, գրգռութեան աղբիւր մըն է տեղւոյն արաբ ալեւիներուն համար, որոնք կ՛ըսեն, թէ Սուրիոյ մէջ հակամարտութիւնը արդէն հարուած հասցուցած է շրջանի տնտեսութեան` շրջանին համար սուրիական առեւտուրի բնական կարեւորութեան պատճառով:
Համայնքային լարուածութեան նշաններ արդէն ակներեւ են: Մէկ մարտին Ալեքսանտրեթի հիւսիսային Ատիեաման շրջանին մէջ գտնուող ալեւիներու տուներուն վրայ խաչաձեւ նշաններ գծուեցան, ճիշդ նոյն ձեւով, որ եղած էր նախքան 1978-ի Մարաշի կոտորածը, որուն ընթացքին աւելի քան 100 անձեր սպաննուեցան սիւննի ծայրայեղ ազգայնականներու կողմէ:
Մինչ Թուրքիոյ կառավարութիւնը փորձեց նսեմացնել Ատիեամանի միջադէպը, ալեւիներ զգուշացուցին, որ Սուրիոյ մէջ առկայ համայնքային լարուածութիւնը կրնայ տարածուիլ ամբողջ սահմանի երկայնքին:
Ալեւի միութիւններու համադաշնակցութեան նախագահ Տոկան Պերմեք ըսաւ, որ ալեւի համայնքները չեն ակնկալեր կոտորածին կրկնութիւնը, «բայց որոշ անձեր վստահաբար պիտի փորձեն վերակենդանացնել այն, ինչ որ այս երկրին մէջ նախապէս կ՛ընէին»:
Տեղական մարմիններու պաշտօնատարներ մերժեցին մեկնաբանել` առաջարկելով հարցումները յղել Ալեքսանտրեթի վարիչ Ճելալէտտին Լեքեսիզի, որուն հետ կարելի չեղաւ հաղորդակցիլ:
Ալեքսանտրեթի մէջ «Եուրէյժիանեթ»-ի թղթակիցին հետ հարցազրոյց ունեցած սուրիացիներէն ոչ ոք ուզած է Թուրքիա մնալ: Նոյն ատեն, անոնք արտայայտած են աճող թերահաւատութիւն` իրենց հանդէպ Թուրքիոյ մտադրութիւններուն մասին: «Եթէ իրենք մեզի տան գաղթականի կարգավիճակ, ատիկա մեր հարցը կը միջազգայնացնէ: Մենք կը զգանք, որ խաղաքարտ մըն ենք», ըսաւ գաղթական մը:
Թրքական դիւանագիտական աղբիւրը պնդեց, թէ շուտով, բազմաթիւ գաղթականներ պիտի փոխադրուին Ալեքսանտրեթէն 125 մղոն դէպի հիւսիս գտնուող Քիլիս քաղաքի մէջ նոր գաղթակայան մը, որ կրնայ 10 հազար անձեր պարփակել: Այդտեղ անոնք պիտի տեղաւորուին երկսենեակ բեռնարկղ-բնակարաններու մէջ, խոհանոցով, բաղնիքով. այս բնակարանները պիտի փոխարինեն կտաւէ վրանները, որոնց մէջ անցեալ տարի բնակեցան: Հարցազրոյցներուն մասնակցած գաղթականներէն շատեր, կասկած յայտնեցին, որ այսպիսի ճամբար պիտի կառուցուի:
Առայժմ, ողջոյնի, բարի գալուստի ձեռք երկարելով գաղթականներուն չի թուիր, թէ Թուրքիա կը ծրագրէ Սուրիոյ հետ իր սահմանին վրայ գաղթականներու երկարատեւ կեցութիւն մը: Ըստ դիւանագիտական աղբիւրին, Անգարա կ՛ակնկալէ, որ գաղթականները «շուտով իրենց երկիրը վերադառնան»:
«Անոնք Աֆղանիստանէն, Չինաստանէն կամ այլ վայրէ մը չեն գար: Անոնք պարզապէս կու գան սահմանի միւս կողմէն: Երբ ամէն բան (օրինազանցութիւններն ու մարդասիրական կացութիւնը) բնականոն դառնայ, անոնք իրենց երկիրը պիտի վերադառնան», ըսաւ նոյն աղբիւրը:
ՃԱՍԹԻՆ ՎԵԼԱ
«Եուրէյժիանեթ»

