Նախագահ Սլէյման Կոչ Ուղղեց Լիբանանի Հարցերուն Թեքնիք Լուծումներ Տրամադրելու

Նախագահ Սլէյման եւ նախարար Շարպել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան բոլոր թղթածրարները թեքնիք ձեւով լուծուին` յանձնառու մնալով պետական շահերուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ ապահովելով լիբանանցի քաղաքացիներուն տարրական կարիքները` ապահովելով հանդերձ երկրին կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը, ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած միջոցառումները` հակակշիռի տակ առնելու համար օրինազանցները, ինչպէս նաեւ Ռումիէի բանտին մէջ տիրող կացութիւնը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները:

Պաապտայի այցելուներէն եղան նաեւ պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժորժ Քարաա, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Եուսեֆ Ալի Ասայմի:

Share this Article
CATEGORIES