Սուրիա Ինչպէ՞ս Այսքան Նման Է Թուրքիոյ
Ատենէ մը ի վեր կը մտածեմ, որ Սուրիա վերջերս որքան կը յիշեցնէ Թուրքիան:
Սահմանէն այդ կողմ այս տարի տեղի ունեցած խռովութիւնները ինծի ամբողջ նոր հեռանկար մը տուին: Նմանութիւնները տնտեսական բարգաւաճման, բարդ ապրանքներու արտադրութեան կամ ժողովրդավարական զարգացման մէջ չեն: Ատիկա ոճի նմանութիւն է:
Ես այս եզրակացութեան յանգեցայ Թուրքիոյ պատկերասփիւռէն անցեալ տարի կանոնաւոր կերպով տեսնելով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը: Ան սովորաբար կը ցուցադրուէր Սուրիոյ խորհրդարանին խօսք ուղղելով, վիթխարի դահլիճի մը մէջ, որուն պատերը ծածկուած են փայտեայ զարդերով: Բոլոր երեսփոխանները միշտ կը ծափեն անոր իւրաքանչիւր բառին, եւ առնուազն մէկ յոտնկայս ծափահարութիւն կայ ամէն հանդիպումի:
Ծանօ՞թ կը հնչէ, կը թուի: Ես ասոր վարժուած եմ իմ մանկութենէս, մեր կուսակցութեան շաբաթական ժողովներէն` Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին մէջ:
Ուրեմն, Թուրքիոյ քաղաքական ոճը վերջին 50 տարիներուն մէջ չէ փոխուած, եւ ասիկա կրնայ հաստատել սպրդող, երկչոտ կասկածները, որոնք ես միշտ ունեցած եմ. մենք այս երկրին մէջ բոլորս ալ ի վերջոյ պաասական ենք:
«Տարբերութիւն կ՛ընէ՞», կրնաք դուք հարցնել: Հետաքրքրուողներուն համար ես յղում կ՛ընեմ Փիթըր Կայի գիրքին` «Ոճը պատմութեան մէջ»: Եէյլ համալսարանի պատմագիտութեան պատուոյ փրոֆեսէօրը կ՛ըսէ, որ «Ոճը ձիացուլ է, ուր մէկտեղուած այն իրերամերժ բնոյթները, զորս բնութիւնը հրահանգած էր իրարմէ անջատ պահել: Ոճը, ձեւը եւ բովանդակութիւն է… Հռետորական քանի մը մեքենական հնարքներէ բացի, վարքը, վարուելակերպը անքակտելի կերպով կապուած են նիւթին, էութեան: Ոճը կը ձեւաւորէ եւ իր կարգին կը ձեւաւորուի` ըստ նիւթին, էութեան»:
Խնդրեմ` նկատի ունեցէք, որ վարքը կապուած է նիւթին, էութեան:
Թրքական եւ սուրիական խորհրդարաններուն միջեւ նմանութիւններ փնտռելով` կարելի է տեսնել ամբողջատիրութեան նոյն երանգը: Վերջնական վերլուծումի մէջ ատիկա կը ձեւաւորէ նիւթին, էութեան բովանդակութիւնը:
Այստեղ ես չեմ կրնար տարբերակել Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ), Ժողովուրդին հանրապետական կուսակցութեան (ԺՀԿ) եւ բոլոր միւսներուն միջեւ: Ասիկա կ՛արտացոլէ մեր բոլորին մէջ եղող ամբողջատիրութիւնը: Ասիկա բոլորիս բնական կը թուի: Բայց թոյլ տուէք ըսեմ, որ ատիկա այդպէս չէ:
Ղեկավարներ, երբ յոտնկայս մեծարանքի կ՛ենթարկուին, սովորաբար կ՛ըսեն խօսքեր, զորս չեն կրնար իրարու երեսի ուղղակի ըսել` ամէն երեքշաբթի թրքական խորհրդարանին մէջ:
Ես կ՛ատեմ ատիկա դիտելը, բայց ոչ ոք փորձած է կանխել, վերջ տալ տասնամեակներ տեւած չարաշահումի այս շրջագիծին: Ասիկա վատ սովորութիւն մըն է, որմէ շատ դժուար է հրաժարիլը: Եթէ քաղաքական ոճ կը ձեւաւորէ քաղաքականութեան բովանդակութիւնը, թերեւս կարելի է ըսել, որ այս ոճը կը թունաւորէ իր բովանդակութիւնը:
Ամէն երեքշաբթի կուսակցութեանց ղեկավարները, ներարկուած, սրսկուած յոտնկայս մեծարանքով, կը մեկնաբանեն շաբթուան ազգային եւ միջազգային զարգացումները:
Ես կը յիշեմ, տարիներ առաջ, Իսրայէլի Էհուտ Օլմերթը խօսելով նախարարներուն, որոնք կը սիրեն մեկնաբանել համաշխարհային իրադարձութիւնները, ըսաւ. «Թերթերու մէջ տեսակէտներ հրատարակող յօդուածագիրները թող ընեն մեկնաբանութիւնները: Ատիկա անոնց գործն է, ձերը չէ:
Ես կ՛եկրորդեմ այդ մատնանշումը մեր ղեկավարներուն, որոնք չեն կրնար հրաժարիլ իրենց մղումէն` մեկնաբանելու արեւուն տակ գտնուող ամէն բան: Ես նաեւ չեմ սիրեր անոնց կռուազան ոճը:
Ամէն ոք թող իր գործին վրայ կեդրոնանայ: Դուք կառավարեցէք երկիրը, ես կը մեկնաբանեմ օրուան լուրերը:
Այս բոլորը ի մտի ունենալով` զարմանալի չէր տեսնելը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քանի մը շաբաթ առաջ տեղի ունեցած բռնցքամարտը:
Մենք մեզի հետ պէտք է անկեղծ ըլլանք. երբ խօսքը կը վերաբերի ոճին, մենք բոլորս պաասական ենք: Քուէատուփ կամ բռնատիրութիւն, նշանակութիւն չունի:
Կը թուի, թէ այս երկրին մէջ տարիներու ձեւափոխութենէն, այլափոխութենէն ետք ատիկա մնայուն է:
ԿԻՒՎԵՆ ՍԱՔ
«Հիւրրիյէթ»

