Արցախ. Նախագահ Սահակեան Ծանօթացաւ 9 Մայիսի Տօնակատարութեանց Նախապատրաստական Աշխատանքներուն

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ծանօթացաւ Շուշիի ազատագրութեան տարեդարձին առիթով 9 մայիսին մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ իրականացուող բարեկարգման աշխատանքներու ընթացքին:

Ան նշեց, որ նախապատրաստական աշխատանքները պէտք է կատարուին բարձր մակարդակով` ատիկա նկատելով տօնական ձեռնարկներու պատշաճ կայացման կարեւոր նախապայմաններէն մէկը:

Նախագահին կ՛ուղեկցէին վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

 

Share this Article
CATEGORIES