Էրտողան Եւ Օպամա Հայոց Ցեղասպանութեան Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցերը Քննարկած Են

Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ կիրակի օր տեղի ունեցած երկկողմանի հանդիպումին ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու, քննարկուած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցերը:

Էրտողան լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնած է, որ «Օպամային յիշեցուցի, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ եղած խնդիրները ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը 20 տարիէ ի վեր չի կրնար լուծել: Եւ որովհետեւ այս հարցը փակուղի մտած է, խորհուրդ տուի, որ մենք ազրպէյճանցիներուն հետ խօսինք, իսկ Մինսքի խմբակի երկիրները` Ֆրանսան, Ռուսիան, Միացեալ Նահանգները, փորձեն Հայաստանը համոզել, որ այս խնդիրը լուծենք»:

Թուրքիոյ վարչապետը նաեւ դժգոհութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ նոր բանաձեւի մը առնչութեամբ: «Օպամային ըսած եմ, որ մենք յոգնած ենք: Իւրաքանչիւր տարուան ապրիլին նոյն խնդիրը կը յառաջանայ, հանրապետականները կու գան, դեմոկրատականները կու գան` նոյն հարցն է: Ես ցոյց տուի նաեւ մեր կատարած քայլերը, Ախթամարի եկեղեցւոյ օրինակը ցոյց տուի», ըսած է Էրտողան:

Ան Օպամային կոչ ուղղած է ծերակուտականները, քոնկրեսականները եւ քաղաքական գործիչները «պատմաբաններու տեղ չդնելու»:

Օպամա-Էրտողան հանդիպումը տեղի ունեցած է կիրակի օր` Հարաւային Քորէայի մէջ հիւլէական անվտանգութեան նուիրուած ժողովին ընթացքին: Մինչ «Սապահ» կը հաղորդէ, որ հանդիպումը շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած է, «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը նշէ, որ այդ հանդիպումը 2 ժամ 15 վայրկեան տեւած է: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Սուրիոյ, Իրանի, Իրաքի եւ Կիպրոսի հարցերը:

Share this Article
CATEGORIES