«Փոփոխութիւններու Համար Յոյսը Պէտք Է Դնենք Մեր Վրայ» Կ՛Ըսէ Վահան Յովհաննիսեան

Վահան Յովհաննիսեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, որ ընտրութիւններէն ակնկալիքները այսօր աւելի մեծ են, որովհետեւ այսօր կայ դաւադրութիւն: Ան ընդգծեց, որ չի սիրեր, երբ Հայաստանի մէջ դրական փոփոխութեան կարելիութիւնը կամ հեռանկարը կը կապուի արտաքին աշխարհին հետ:

Ան նշեց, որ Հայաստանի ներքին վիճակի բարելաւումը, ընտրութիւններու որակի աճը, ընտրութիւններու աւելի թափանցիկ եւ արդար ըլլալը պէտք է դառնայ Հայաստանի հասարակութեան պահանջը: Ան աւելցուց, որ երբ ատիկա կատարուի արտասահմանի ճնշման տակ, ապա Հայաստան կը վերածուի Ուքրանիոյ:

Յովհաննիսեան վստահութիւն յայտնեց, որ դուրսի ճնշումները երբեք ձրի չեն ըլլար եւ կրնայ վճարուիլ գին մը, որուն հետ ժողովուրդը համաձայն չէ:

«Յանկարծ հասկցան, որ ոչ միայն Մոսկուան արցունքներուն չի հաւատար, այլ նաեւ Պրիւքսէլը», նշեց ան` աւելցնելով, որ ոմանք ալ պայծառ հեռանկարի յոյսը դրած են ներիշխանական, մասնաւորաբար` Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւն-Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն հակադրութիւններուն վրայ:

«Իսկ մենք յոյսը դրած ենք այն բանին վրայ, որ ժողովուրդը վերջապէս պիտի յոգնի թէ՛ արտասահմանեան ճնշումներէն եւ թէ՛ ներքին ներիշխանական դաւադրութիւններէն եւ իր ճակատագիրը պիտի վերցնէ իր ձեռքը: Փոփոխութիւններու համար յոյսը պէտք է դնենք մեր վրայ», ընդգծեց դաշնակցական գործիչը:

Վահան Յովհաննիսեան յայտարարեց, որ ընտրութիւններու որակը այնքան ալ կախեալ չէ ընտրութիւններուն մասնակցող ուժերուն յայտարարութիւններէն, այլ կախեալ է ընտրողին տրամադրուածութենէն, մասնաւորաբար` ընտրողին յոյսէն:

Ըստ անոր, ընտրութիւններուն մասնակցող ուժերու ցուցակներէն յստակ է, որ ժողովուրդին մէջ յոյս պիտի չյառաջանայ: Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ առանց ժողովուրդին յոյսը արթնցնելու մասնակցիլ ընտրութեան կը նշանակէ ստեղծել անտարբերութեան մթնոլորտ, որ իր կարգին կը յանգեցնէ դրամով քուէարկութեան կամ առհասարակ ընտրութեան չմասնակցելու:

Դաշնակցական պատգամաւորը շեշտեց, որ այս պահուն հիասթափութեան մթնոլորտ կը տիրէ, բայց միւս կողմէն ալ հիասթափութիւնը վատ բան մը չէ, քանի որ հիասթափուածներու համար այլընտրանք կայ, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնն է:

Վահան Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ Դաշնակցութեան ցուցակը կը տարբերի, դրական է: Բայց կան ցուցակներ, որոնց մէջ յաջող գիւտեր կան: Ան աւելցուց, որ համաձայնական կառավարութեան ուժերու ցուցակներուն մէջ թարմութիւն չկայ, նոյն պաշտօնեաներն են` իրարու ետեւէ շարուած:

Դաշնակցական գործիչը նշեց, որ Դաշնակցութեան ցուցակը սկիզբէն կազմուած է այն սկզբունքով, որ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները ներգրաւուած չըլլան անոր մէջ, բացառութեամբ իրմէ, այն ալ` հասկնալի պատճառով:

Վահան Յովհաննիսեան յայտնեց, որ ինք ծանօթ է Հայաստանի եւրոպացի բարեկամները կազմակերպութեան, որ վերջերս խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ հարցախոյզ կատարած է:

Ան նշեց, որ անիկա երիտասարդ կազմակերպութիւն մըն է, որ ստեղծուած է երիտասարդներու կողմէ եւ որուն հովանաւորեալները նոյնպէս երիտասարդներ են:

Դաշնակցական գործիչը սխալ եւ անընդունելի նկատեց արտասահմանի մէջ հայկական շահերու պաշտպանութեան համար ստեղծուած կազմակերպութիւնը հայաստանեան ներքաղաքական հարցերու մէջ ներքաշելը:

Անդրադառնալով «Երկիր»-ի այն դիտարկումին, որ, այդ հարցախոյզին համաձայն, Դաշնակցութեան մասին ժողովուրդին գիտելիքներուն աստիճանը 34 տոկոս է, Յովհաննիսեան նշեց, որ ասիկա արդէն ցուցանիշ է, որ հարցախոյզին մեթոտաբանութիւնը թերութիւններ ունեցած է:

ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը ընդգծեց, որ Դաշնակցութիւնը միակ կուսակցութիւնն է, որուն մասին իսկապէս բոլոր հայերը տեղեակ են: Ան նշեց, որ կարելի է Դաշնակցութիւնը սիրել կամ չսիրել, բայց չիմանալ, որ այսպիսի կուսակցութիւն կայ, իրականութեան չի համապատասխաներ:

Վահան Յովհաննիսեան չի հաւատար Հանրապետական կուսակցութեան «Հաւատանք, որ փոխենք» կարգախօսին: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ չի հաւատար, ան նշեց, որ պատճառներ ունի չհաւատալու:

Ան նշեց, որ երբ Քրիստոս յարութիւն առաւ, առաքեալներէն մէկը չհաւատալով` ուզեց ստուգել, որպէսզի հաւատայ: Դաշնակցական գործիչը անգամ մը եւս կրկնեց, որ հաւատքը բարոյական հասկացողութիւն է:

«Պէտք է հաւատալ: Ես կը հաւատամ Աստուծոյ, ոչ թէ պետական գործիչներուն, եւ եթէ տեսնեմ, որ անոնք ալ կը հաւատան Աստուծոյ, ապա մենք կը յաջողինք իրարու հաւատալ», նշեց ան եւ ընդգծեց, որ տակաւին համոզուելու առիթ չէ ունեցած:

 

Share this Article
CATEGORIES