Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Անդրանիկ Պէյրութ` 47-52

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Անդրանիկ Պէյրութ մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ Անդրանիկի յաղթանակով` 52-47 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 14-22, 7-10, 14-14 եւ 12-6:

ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Լէյլա Ֆարես (20), ապա` Նաթալի Սվաճեան (17):

 

Share this Article
CATEGORIES