ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ . Պասքեթպոլի Մրցումներուն Արդիւնքները
ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի կազմակերպած պասքեթպոլի մրցաշարքը շարունակուեցաւ կիրակի, 25 մարտին` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Տեղի ունեցան հինգ իրերայաջորդ մրցումներ, որոնք մեծ խանդավառութիւն պատճառեցին ներկաներուն մօտ: Յաղթող կամ պարտուող դպրոցներու աշակերտներուն մօտ յստակօրէն նշմարելի էր պայքարի ոգին: Ուրախութեամբ կու գանք ըսելու, թէ կիրակի օրուան խաղերուն բացայայտուեցան փոքր տաղանդաւոր աշակերտներ, որոնք իրենց բացառիկ խաղարկութեամբ արժանացան բոլորին գնահատանքին: Պէտք է նշել, որ այս աշակերտները իրենց յաջողութիւնը կը պարտին իրենց մարզիչներուն, որոնք մօտէն կը հետաքրքրուին անոնցմով` համոզուելով եւ յուսալով, որ իրենց աշխատանքը անպայման իր պտուղը պիտի տայ ապագային: Այլ խօսքով, կարելի է ըսել, որ պասքեթպոլի մեր ապագան ամուր սիւներու վրայ հիմնուելով բարելաւումի ընթացքին մէջ է:
Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
98/99 (տղաք) Եղիշէ Մանուկեան – Ս. Քառասնից Մանկանց | 58 – 5 |
98/99 (աղջիկներ) Եղիշէ Մանուկեան – ԿԲՎ | 17 – 48 |
98/99 (տղաք) Յառաջ – ԿԲՎ | 2 – 18 |
96/97 (տղաք) Մեսրոպեան – Աւետարանական Այնճար | 58 – 38 |
98/99 (տղաք) Ճեմարան – Հարպոյեան | 40 – 17 |
ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ