ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի Եւ Պուրճ Համուտի Մասնակցութիւնը` Լիբանանի Աթլեթիզմի Վազքի Տարիքային Ախոյեանութեան

Լիբանանի Աթլեթիզմի  Ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած վազքի տարիքային ախոյեանութեան մրցումները վերջապէս տեղի ունեցան կիրակի, 25 մարտ 2012-ին Լիբանանեան համալսարանի մարզադաշտին վրայ. ախոյեանութեան, մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի զոյգ` Պէյրութի ու Պուրճ Համուտի մասնաճիւղերու մարզիկները:

Այս մրցաշարքին մասնակցող մարզիկները ընտրուած էին ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի կազմակերպած աթլեթիզմի մրցումներուն լաւագոյն արդիւնքները արձանագրած մարզիկներէն:

Տեղին է նշել, թէ այս մրցաշարքը երեք անգամ յետաձգուեցաւ` կլիմայական աննպաստ պայմաններուն աննպաստ պատճառով:

Մրցաշարքին մասնակցեցան հետեւեալ մարզիկները.

Ցոլին Սապերեան, Մարինա Սարեան, Թամար Բախտիքեան, Յարութ Աւետիսեան, Յովիկ Տեքիրմենճեան, Գօգօ Խաչատուրեան, Փիթըր Պետրոսեան, Գարմէն Հէքիմեան, Գօգօ Ահարոնեան, Անդօ Մարաշլեան, Աբօ Պետրոսեան, Արին Թաշճեան, Արիանէ Թասլաքեան եւ Օհաննէս Շիտիաք:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ 

(www.levam.org)

 

Share this Article
CATEGORIES