Լիբանանի Ֆութպոլի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Երրորդ Յաջորդական Յաղթանակը
Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակագի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, լեռնալիբանանի նահանգին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` 2 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիման:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, ՀՄԸՄ ապահովելով առաւելագոյն 9 կէտը, առանձնացաւ պարագլուխի դիրքին վրայ եւ այսպիսով մեծ քայլ մը առաւ անցնելու յաջորդ հանգրուան:
Հակառակ անոր որ մրցակից կազմը ինք բացաւ մրցումին հաշիւը, սակայն ՀՄԸՄ-ի տղաքը Ա. կիսախաղը աւարտեցին 1 – 1 արդիւնքով` շնորհիւ Յակոբ Գուճանեանի նշանակած կոլին:
Բ. կիսախաղին, ՀՄԸՄ-ի տղաքը աւելիով տիրապետելով իրենց մրցակիցին վրայ, յաջողեցան նշանակել իրենց յաղթանակի կոլը` շնորհիւ Յարութ Մումջողլեանի:
Նշենք, որ մրցումը տեղի ունեցաւ Սին Էլ Ֆիլի դաշտին վրայ: