Լուրեր Զալքայի Ս. Խաչ Եկեղեցիէն

Կիրակի, 18 մարտին, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր խօսքը ուղղեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նարեկ վրդ. Լուիսեան:

Ան նկատել տուաւ, որ 19 մարտին Ս. Յովսէփի տօնն է եւ շեշտեց Ս. Յովսէփին հաւատքը, ընտանիքին հանդէպ ունեցած հոգատարութիւնը եւ պաշտպանութիւնը: Այս առիթով ան շնորհաւորեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ նախկին հովիւ Ժոզեֆ Ժամկոչեանին` իր տարիներու անխոնջ ծառայութեան համար: Աւարտին Նարեկ վրդ. Լուիսեան անոր նուիրեց Քրիստոսի խաչելութիւնը խորհրդանշող յուշանուէր մը:

Նոյն օրը առաւօտեան Ս. Խաչ ժողովրդապետութեան մէջ տեղի ունեցաւ Սկաուտական օր:  Կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքի օրհնութեամբ, վերակազմուեցաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սկաուտական արիներու խումբը: Նշենք, որ ակումբը հիմնուած էր Զալքայի մէջ, 1984-ին:

Share this Article
CATEGORIES