Հաղորդագրութիւն
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի շրջանային վարչութիւնը եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքը, գործակցութեամբ ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ Սասունի» մասնաճիւղին, կազմակերպեցին դասախօսական շարք մը, որ տեղի ունեցաւ 13, 20 եւ 27 մարտի 2012-ին, Ֆանարի «Էտկար Ակնունի» սրահին մէջ` հետեւեալ յաջորդականութեամբ.
1.- «Ճնշուածութիւնը յաղթահարելու կերպերը», դասախօս` Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեան (industrial psychologist):
2.- «Փոքրիկներուն մօտ յաճախակի պատահող հիւանդութիւններ», դասախօս` տոքթ. Վարուժան Մարկոսեան (մանկաբուժ):
3.- «Քրոնիկ հիւանդութիւններ» (սրտանօթային, գերճնշում, բարձր քոլեսթերոլ, թրիկլիսերիտ) դասախօս` տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան (ընդհանուր մարմնի բժիշկ):
Իւրաքանչիւր դասախօսութենէ առաջ ներկաները հետեւեցան կէս ժամուան տեւողութեան տեսերիզի ցուցադրութեան, որ կը ներկայացնէ սննդագէտի կողմէ պատրաստուած ճաշերու կերպերը եւ առողջապահական խոհանոցային գիտելիքներ:
Միջին հաշուով դասախօսական շարքին ներկայ գտնուեցան 65 անհատներ, որոնք ստացան բժշկական անվճար այցելութիւն եւ ամբողջական արեան քննութիւն` ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ:
Յանձնախումբը եւ բաժանմունքը գործակցութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան, պիտի ներկայացնեն դասախօսական շարք մը, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ 13, 20 եւ 27 ապրիլ 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանի «Հետուիկ» սրահին մէջ:
ԼՕԽ-ի
Շրջանային վարչութեան
Առողջապահական Յանձնախումբ
ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»
Ընկերաբժշկական Կեդրոնի Տնօրէնութիւն

