Միացեալ Նախաձեռնութեամբ Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Եւ Հայկական Բարեգործական Միութեան` 12 Ապրիլին Սոփրանօ Յասմիկ Պապեան Ելոյթ Կ՛Ունենայ Պէյրութի Մէջ` Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբին Ընկերակցութեամբ (Խմբավար` Յարութ Ֆազլեան)
Հինգշաբթի, 12 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, միջազգային սոփրանօ Յասմիկ Պապեան ելոյթ պիտի ունենայ Տըպպայէի «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ` ընկերակցութեամբ Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին` մաեսթրօ Յարութ Ֆազլեանի խմբավարութեամբ: Ձեռնարկը կ՛իրականանայ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ հայկական բարեգործական Ընդհանուր միութեան գործակցութեամբ, հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններու:
«Հայ համայնքներու կարողականութիւնը կը դրսեւորուի յատկապէս, երբ մեր լաւագոյն ուժերը ձեռք ձեռքի կու տան եւ կը կազմակերպեն բարձրորակ ձեռնարկներ, ինչպիսին է Յասմիկ Պապեանի յառաջիկայ համերգը», յայտնեց Յովիկ Քիւրքճեան եւ շարունակեց. «Իմ եւ տիկնոջս համար առանձնաշնորհում մըն է այս մակարդակի ձեռնարկ մը քաջալերելը` տրուած ըլլալով, որ անիկա վստահաբար պիտի առինքնէ լիբանանցի արուեստասէր հասարակութիւնը եւ յատկապէս հայ համայնքը»:
Իր կարգին, Պապեան մեծ խանդավառութեամբ արտայայտուեցաւ Պէյրութի մէջ ելոյթ ունենալու մասին: «Փորձառութեամբ գիտեմ, որ լիբանանցի հանդիսատեսները իսկապէս բացառիկ են», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Անոնք պահանջկոտ եւ գիտակից են, առանձայատկութիւններ, որոնք ինծի համար ա՛լ աւելի կը խորացնեն կատարման հաճոյքը: Նկատի ունիմ, օրինակ` Պաալպեքի միջազգային փառատօնը, ուր պատիւը ունեցած եմ մենահամերգով ելոյթ ունենալու: Քանի՜ աշխարհահռչակ երգիչներ յայտնուած են այդ շքեղ բեմէն` քաջ գիտակցելով, որ իրենց արուեստը ատակօրէն կը գնահատուի լիբանանցի հանդիսատեսին կողմէ: Մէկ խօսքով, չափազանց ուրախ եմ Պէյրութի մէջ երգելու պատեհութեան համար»:
Պապեան աւելցուց, որ համերգի երգացանկը պիտի ներառէ իտալական յայտնի օփերաներէ վերցուած մեներգներ, ինչպէս նաեւ հայ դասական կտորներ:
Յասմիկ Պապեան ճանչցուած է իբրեւ աշխարհի առաջնակարգ սոփրանոներէն մին: Հայաստանի պետական օփերային հետ իր անդրանիկ ելոյթէն ետք, ան 1993-ին միացած է Պոնի օփերային (Գերմանիա)` այնուհետեւ իր կատարումներուն շնորհիւ միջազգային համբաւի արժանանալով: Անցեալ երկու տասնամեակներուն Պապեան երգած է աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր բեմերէն, որոնց շարքին` «Մեթրոփոլիթըն» օփերայէն, Լա Սքալայէն, «Քառնեկի» սրահէն, Սան Ֆրանսիսքոյի օփերայէն, Փարիզի «Կավօ» սրահէն, Լոնտոնի «Ուիկմոր» սրահէն, Վիեննայի պետական օփերայէն, Ցիւրիխի օփերայէն, ինչպէս եւ Միւնիխի, Շթութկարթի, Համպուրկի, Տրեզտենի եւ Պերլինի օփերաներէն: Ան կատարած է Փլասիտօ Տոմինկոյի, Ռենաթօ Պրուսընի եւ բազմաթիւ այլ երգիչներու կողքին, եւ աշխատակցած խմբավարներ Ճէյմս Լեվինի, Ռիքարտօ Մութիի եւ ուրիշներու հետ:
Դրուատուած` հաւասարապէս իր ձայնային կարողութիւններուն, իւրայատուկ թեքնիքին եւ բեմական տպաւորիչ ներկայութեան համար: Պապեան ելոյթ ունեցած է Նորմայի, Տոն Ճիովաննիի, Ուիլիըմ Թելի, Լա Թրաւիաթայի, Այտայի, Թոսքայի եւ օփերայի բազմաթիւ այլ գլուխգործոցներու առաջնային դերերով:
Պապեան կատարած է նաեւ հայ մեծագոյն երաժշտահաններու, ներառեալ` Կոմիտաս Վարդապետի, Կանաչեանի, Չուխաճեանի եւ Մանսուրեանի գործերը: 2006-ին հրատարակուած է Պապեանի «Նուիրում Կոմիտասի» ձայնագրութիւնը` դաշնակահար Վարդան Մամիկոնեանի մասնակցութեամբ:
Միջազգային գնահատանքի կողքին, Պապեան ստացած է Հայաստանի ժողովրդային արուեստագէտի կոչումը, «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» շքանշանը` Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ, իբրեւ Հայաստանի մշակութային հիւպատոս իր արձանագրած նուաճումներուն համար, եւ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին կողմէ:
12 ապրիլին համերգի հասոյթը պիտի յատկացուի Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան կրթամշակութային առաքելութեանց ու ծրագիրներուն:
Տոմսերը ապահովելու եւ յաւելեալ տեղեկութեան համար հեռաձայնել
ՀԲԸՄ-ի գրասենեակ 04-522842/3 եւ
Համազգայինի գրախանութ 01-241263/4: