Հաղորդագրութիւն
Հայոց ցեղասպանութեան100-ամեակի կեդրոնական մարմինը իր հերթական նիստը գումարեց երկուշաբթի, 26 մարտ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ: Նիստին մասնակցելու հրաւիրուած էին Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Յակոբ Թերզեան, Արամ Մալեան եւ Սերժ Չուխատարեան:
Ժողովի օրակարգին հիմնական կէտը կը վերաբերէր Պէյրութի քաղաքապետութեան հետ գործակցաբար Ցեղասպանութեան թեմայով ձեռնարկ մը կազմակերպելու հնարաւորութիւններուն:
Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամները պատրաստակամութիւն յայտնեցին գործնապէս սատար կանգնելու նման ծրագիրի մը եւ աշխատելու, որպէսզի ապահովուի Պէյրութի քաղաքապետութեան գործակցութիւնը:
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
CATEGORIES Գաղութային

