«Այլընտրանքի Բացակայութեան Իրանէն Քարիւղ Գնելու Դադրեցումը Բացառուած Է» Կ՛Ըսէ Եըլտըզ

Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ անցեալ չորեքշաբթի օր Անգարայի մէջ լրագրողներու յայտնեց, թէ հակառակ անոր որ Թուրքիա Իրանէն քարիւղ գնողներուն դէմ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներէն ներում ստացած երկիրներու ցանկէն դուրս մնացած է, սակայն տակաւին այդ թողութիւնը կրնայ ստանալ:

«Միացեալ Նահանգներու Իրանի հարցով թողութեան ցանկէն Թուրքիոյ բացակայութիւնը չի նշանակեր, որ անիկա պիտի չներառուի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «եթէ այլընտրանք մը չգտնուի, մեզի համար Իրանէն քարիւղ գնելը դադրեցնելը բացառուած է»: Եըլտըզ ընդգծեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ մինչեւ գոյութիւն ունեցող համաձայնութեան ժամկէտին աւարտը Իրանէն քարիւղ գնել:

Թուրքիա Իրանէն օրական 200 հազար տակառ քարիւղ կը գնէ, ինչ որ Իրանի քարիւղի արտածումներուն 7 առ հարիւրը կը կազմէ:

 

Share this Article
CATEGORIES