«Եւրոյի Գօտիէն Յունաստանի Դուրս Գալը Աղէտալի Պիտի Ըլլայ» Կ՛Ըսէ Մերքել

Անկելա Մերքել

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնած է, որ եթէ Յունաստան եւրոյի գօտին լքէ, ապա ատիկա աղէտալի պիտի ըլլայ: Ըստ անոր, եթէ այդպիսի բան տեղի ունենայ, ապա անմիջապէս հարց պիտի յառաջանայ, թէ ո՛վ է յաջորդը»:

Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ելեւմուտքի նախարարները այս շաբաթ պիտի ունենան հանդիպում մը` քննարկելու համար կայունացման հիմնադրամը մեծցնելու հարցը: Հիմնադրամին նպատակը խնդիրներ դիմագրաւող երկիրներուն օժանդակելն է:

Մինչ այդ, Դրամական միջազգային ֆոնտը հասկցուցած է, թէ չի պատրաստուիր եւրոյի գօտիի երկիրներուն աջակցութիւնը մեծցնելու:

 

Share this Article
CATEGORIES