ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ ՏՊԱՒՈՐԻՉ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑԻՆ ԹԻՖԼԻՍԻ ՄԷՋ
30 մարտէն 3 ապրիլ Հայաստանի պասքեթպոլի պատանիներու հաւաքականը (16 տարեկանէն վար) Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ տեղական կազմերուն դէմ կատարեց բարեկամական մրցումներ: Հայրենի կազմը արձանագրեց երեք յաղթանակ եւ կրեց պարտութիւն մը: Յաղթանակներ արձանագրուեցան Ռուսթավի, Պասքեթպոլի ակադեմիայի եւ Նեքսթի դէմ, մինչ յաղթանակ չարձանագրուեցաւ Պասքեթպոլի ակադեմիայի դէմ կատարուած երկրորդ մրցումին:
Հայաստանի հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Արեգ Վաթեան, իսկ անոր օգնականներն են Սարգիս Ստեփանեան եւ Լեւոն Վահրատեան:
CATEGORIES Մարզական