«ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ». ԱՅՍՕՐ` ԻՆԹԵՐ ՄԻԼԱՆ – ՇԱԼՔԷ ԵՒ ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ – ԹՈԹԵՆՀԱՄ
Այսօր` երեքշաբթի, 5 ապրիլին տեղի կ՛ունենան «Չեմփիընզ Լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի առաջին երկու մրցումները: Մնացեալ երկու ճակատումները տեղի պիտի ունենան վաղը:
Այսօրուան մրցումներուն գծով հետաքրքրական պիտի ըլլայ որոշ տեղեկութիւններ իմանալ, թէ իրարու դէմ ճակատող խումբերուն վիճակը ի՛նչ ընթացքի մէջ է, կամ թէ անոնք ի՛նչ կատարած են նախապէս իրարու դէմ:
Առաջին մրցումին Ինթեր Միլան, որ պիտի հիւրընկալէ Շալքէն, դաշտ պիտի ներկայանայ առանց Լուցիոյի (կախակայուած): Գերմանական կազմը կախակայուած մարզիկ չունի:
Երկու խումբերն ալ նախապէս իրարու դէմ յանդիման եկած են չորս անգամ: Ինթեր արձանագրած է 2 յաղթանակ, իսկ Շալքէ` 1: Չորրորդ մրցումը վերջ գտած է հաւասարութեամբ:
Վերջին 12 ամիսներուն ընթացքին Ինթեր վեցերորդ անգամ ըլլալով դէմ յանդիման կու գայ գերմանական կազմի մը:
Ցարդ Ինթերի քամերունցի յառաջապահ Սամուէլ Էթու իր նշանակած 8 կոլերուն շնորհիւ (8 մրցումէ) կը գրաւէ կոլսքորըրներուն պարագլուխի դիրքը` Լիոնել Մեսսիի (Պարսելոնա) եւ Մարիօ Կոմեզի (Պայէրն Միւնիխ) նման:
Իտալական կազմերուն դէմ իր կատարած վերջին եօթը մրցումներուն, Շալքէ միայն մէկ յաղթանակ արձանագրած է:
Այսօրուան այս մրցումը բաւական կարեւոր է Շալքէի մաս կազմող սպանացի յառաջապահ Ռաուլ Կոնզալեսի համար` նկատի ունենալով, որ ան պիտի փորձէ իր երկու մրցանիշները բարելաւել: Ան ցարդ այս մրցաշարքին գծով կատարած է 138 մրցում եւ նշանակած 69 կոլ:
Ինչ կը վերաբերի այսօրուան երկրորդ մրցումին, Ռէալ Մատրիտ, որ պիտի հիւրընկալէ Թոթենհամը, շատ զգուշ պէտք է ըլլայ, որովհետեւ ունի վեց մարզիկներ, որոնք դեղին քարտ ստանալու պարագային դարձի մրցումին դաշտ պիտի չկարենան ներկայանալ: Այդ վեցն են` Ռաուլ Ալպիոլ, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, Անխել Տի Մարիա, Փեփէ, Սերճիօ Ռամոս եւ Ռիքարտօ Քարվալիօ:
Երկու կազմերը իրարու դէմ յանդիման եկած են երկու անգամ: Ռէալ արձանագրած է յաղթանակ մը եւ հաւասարութիւն մը:
Նշենք, որ անգլիական խումբերուն դէմ իր կատարած վերջին չորս մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ չէ յաջողած կոլ նշանակել:
Ինչ կը վերաբերի Թոթենհամի, անիկա սպանական կազմերուն դէմ իր կատարած վերջին եօթը մրցումներուն յաղթանակ չէ արձանագրած: Առաջին եւ վերջին յաղթանակը արձանագրուած է 1963-ին, երբ բաժակակիր խումբերու բաժակի մրցաշարքին (այժմ` «Եուրոփա Լիկ») 5-1 արդիւնքով յաղթած է Աթլեթիքօ Մատրիտի:
Ստորեւ կու տանք այսօրուան եւ վաղուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ
Ինթեր Միլան – Շալքէ 21:45
Ռէալ Մատրիտ – Թոթենհամ 21:45
ՎԱՂԸ
Պարսելոնա – Շախտիոր Տոնեցք 21:45
Չելսի – Մանչեսթըր Եունայթըտ 21:45

