Ծերակուտական Շըրմըն Կը Պահանջէ Ջաւախքին Տրամադրուող Ամերիկեան Աջակցութիւնը Աւելցնել
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նիստին ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու Զարգացման միջազգային գործակալութեան ղեկավար Ռաճիւ Շահի հետ Միացեալ Նահանգներու 2013-ի պիւտճէի քննարկումներուն ընթացքին ծերակուտական Պրետ Շըրմըն ընդգծած է Վրաստանի Սամցխէ-Ջաւախեթի շրջանին մէջ բնակող հայ ժողովուրդին համար Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան կարեւորութիւնը: Ան պնդած է, որ Միացեալ Նահանգներ 2013-ի պիւտճէով այս շրջանին տրամադրուող ելեւմտական միջոցները պէտք է աւելցնէ:
Նշեալ գործակալութեան ղեկավարին ուղղուած հարցումին մէջ ան տեղեկացուցած է, Ջաւախքի մէջ տիրող ծանր կացութեան մասին: Միացեալ Նահանգներու Զարգացման միջազգային գործակալութեան ղեկավարը տեղեկացուցած է, որ Վրաստանի եւ յատկապէս Ջաւախքի մէջ իրենք բազմաթիւ ծրագիրներ իրականացուցած են` կապուած գիւղատնտեսութեան արդիականացման, ընկերային զարգացման եւ առողջապահութեան: «Մենք փորձած ենք այդ աշխատանքը ընել նաեւ խորհրդակցելով ամերիկահայ համայնքին հետ», ըսած է ան:
«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ սեպտեմբեր 2011-ին Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Քեն Խաչիկեան եւ Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի բանբեր Եղիսաբէթ Չուլճեան մեկնած են Ջաւախք եւ Թիֆլիս` հանդիպումներ ունենալու ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու, ինչպէս նաեւ վրացական կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ` Ջաւախքի հայ բնակչութեան խնդիրներուն լուծման ուղիներ գտնելու համար: Երկխօսութիւնը շարունակուած է Ուաշինկթընի մէջ, այս տարուան յունուարին, երբ Խաչիկեան հանդիպում ունեցած է Ուաշինկթընի մէջ Վրաստանի դեսպանին հետ եւ քննարկած հայ-վրացական համագործակցութեան ծրագիրները` նաեւ Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ Ջաւախքի մէջ աշխատատեղիներու թիւի բարձրացման ուղղութեամբ:
Դեսպանը պատրաստակամութիւն յայտնած է Ջաւախքի մէջ աշխատատեղիներու ստեղծման, թեքնիք ու մարդասիրական աջակցութեան եւ շրջանի բնակչութեան աջակցելու համար համագործակցութեան` Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան, ներառեալ` ամերիկահայ համայնքին հետ:


